2017-02-11 09:45:00

Իզմիրի պատմամշակութային ժառանգութիւնը կ՛անհետանայ


ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Իզմիր նահանգի Պասմանէ շրջանի պատմամշակութային հարստութիւնը, ներառեալ՝ Ք.Ա. 4րդ դարէն մնցած Զմիւռնիայի պատմական շուկան, յունական տուները, սինակոկները, հայկական եւ յունական եկեղեցիները, մատնուած են անտէրութեան. այս մասին կը գրէ թրքական «Էվրենսել» լրատուական կայքը՝ ազդարարելով, որ շրջանի պատմամշակութային հարստութիւնը աստիճանաբար կ՛անհետանայ:

Այդ հարստութեան մէկ մասը կը կազմէ 1863ին կառուցուած հայկական Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին, անոր կից գտնուող Սուրբ Մեսրոպ արական դպրոցը եւ Սուրբ Հռիփսիմէ օրիորդաց դպրոցը: Եկեղեցին մինչեւ 1915 եղած է իզմիրցի հայերու կարեւոր կեդրոններէն մէկը: 1922ին, թուրք ազգայնամոլներու բռնկեցուցած մեծ հրդեհէն փրկուելու համար, մեծ թիւով հայեր հոն պատսպարուած էին:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.