2017-02-11 08:56:00

''Առար ընդ իս Մեծամեծս հզօրն'' (Ղուկ 1,49). Հիւանդի 25-րդ օրուան Պատգամ։


(Ռատիօ Վատիկան)  2016-ի դեկտեմբեր 8-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց  Հիւանդի համաշխարհային 25-րդ օրուան հայող պատգամը, որուն մէջ նշած էր թէ 2017-ի` Փետրուար 11-ին համայն եկեղեցւոյ, ու յատկապէս Լուրտի  մէջ պիտի նշուի Հիւանդին Համաշխարհային 25-րդ օրը, որուն բնաբանն է ''Զարմանք Աստուծոյ ըրածներուն ի տես. որովհետեւ հզօրն ինծի մեծամեծ բաներ ըրաւ'' (Ղուկ 1,49)։ 

Պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը  ակնարկելով իր նախորդին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ կողմէ 1992-ին հաստատուած հիւանդի համաշխարհային օրուան որուն առաջին նշումը` 1993-ի փետրուար 11-ին, տեղի ունեցած էր ճիշդ Լուրտի սրբավայրին մէջ,  նկատել տուաւ  թէ այդ օրը յատուկ առիթ է յատուկ ուշադրութիւն դարձնելու հիւանդներուն ու աւելի ընդարձակ կերպով բոլոր տառապողներուն ու միեւնոյն ատեն հրաւէր` անոնց որոնք հիւանդներով կը զբաղին, գոհութիւն մատուցելու Տիրոջ  իրենց պարգեւած այսպիսի ծառայական կոչումին համար` ընկերանալու հիւանդ եղբայրներուն։ 
 
Սրբազան Հայրը պատգամին մէջ ակնարկելով Լուրտի մէջ կատարուելիք արարողութիւններուն, իր մօտիկութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց որոնք տառապանքի մէջ կ՛ապրին ինչպէս նաեւ այդ տառապողներու ընտանիքներուն, ապա  գնահատեց հիւանդներու խնամակալութեամբ զբաղող  աշխարհի բոլոր կառոյցները, քաջալերելով բոլորը` հիւանդները, տառապողները, բժշկական անձնակազմը, հիւանդապահները, ընտանիքներն ու կամաւորները, Սրբուհի Պերնատեթի նման` Մարիամի մէջ փնտռելու  Աստուծոյ քնքշութիւնը երաշխաւորողը ու հաւատքի մէջ գտնելու ուժը` սիրելու զԱստուած եւ եղբայրները։ 
 
Մարիամ` գրեց Քահանայապետը պատգամին մէջ, Պերնատեթին շնորհեց կոչումը ծառայելու հիւանդներուն ու զայն կը կոչէ ըլլալու ''Գթութեան Կրօնաւորուհի'', առաքելութիւն մը զոր Պերնատէթ կատարեց այնպիսի վեհանձն անձնուիրումով որ արժանացաւ դառնալ օրինակ` բոլոր բժշկական մարզի գործիչներուն։ ''Հայցենք ուրեմն Անարատ Յղութենէն որ մեզի համար ընդունի  հիւանդներուն հետ յարաբերուելու շնորհքը'', գրեց հուսկ Սրբազան Հայրը հաստատելով թէ`  Հիւանդներու Մխիթարիչ Մարիամին հայեացքը կը լուսաւորէ Եկեղեցւոյ դիմագիծը, անոր առօրեայ յանձնառումին մէջ, ի սպաս կարիքաւորներուն ու տառապողներուն։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա  հրաւիրեց հիւանդի միջազգային օրուան առթիւ, վերագտնել նոր սլացք տարածելու համար կեանքի, առողջութեան ու միջավայրի յարգանքի մշակոյթ մը, եւ նորոգուած սլացք` պայքարելու համար մարդ անհատի արժանապատուութեան ու անոր ամբողջականութեան յարգանքին ի խնդիր։ 
 
Պատգամին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը  հրաւիրեց հիւանդները, առողջապահական ասպարէզի գործիչներն ու կամաւորները աղօթք բարձրացնելու Աստուածամօր, որպէսզի իր Մայրական բարեխօսութեամբ թիկունք կանգնի ու առաջնորդէ մեր հաւատքը ու իր Զաւկէն` Քրիստոսէն ընդունի յոյսը` բժշկութեան ու ապաքինումի, ինչպէս նաեւ շնորհքը ըմբռնելու եղբայրութեան ու պատասխանատուութեան ու Մարդկային համապարփակ զարգացումի իմաստը եւ երախտագիտութեան ուրախութիւնը` ամէն անգամ որ Ան մեզ կը զարմացնէ իր հաւատարմութեամբ եւ իր ողորմածութեամբ։ 
 
Նորին Սրբութիւնը պատգամը եզրափակեց Սուրբ Կոյս Մարիամին ուղղած աղերսով որուն մէջ ի մէջ այլոց կ՛ըսէ. ''Ով Մարիամ մեր Մայրը, որ Քրիստոսի մէջ կ՛ընկալես մեզմէ ամէն մին որպէս զաւակ, հասիր մեր օգնութեան` մեր հիւանդութեան ու տառապանքին մէջ ու մեզ առաջնորդէ դէպի Քրիստոս` Քու զաւակդ ու մեր եղբայրը, ապա օգնէ մեզի վստահելու Հօր` որ մեծ բաներ կը կատարէ''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.