2017-02-10 09:58:00

Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովի համար մօտ 4000 մարդ Հայաստան պիտի ժամանէ


ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ կառավարութեան հետ տեղի ունեցած է Ֆրանսախօս պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու 17-րդ գագաթնաժողովի նախապատրաստման եւ իրականացման միջգերատեսչական յանձնաժողովին անդրանիկ նիստը: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի վարչութիւնը։

ՀՀ ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեան նշած է, որ Հայաստանի մէջ 2018-ին պիտի կազմակերպուի ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովը եւ մեր երկիրը երկու տարի ժամկէտով պիտի ստանձնէ այս խորոշագոյն` 84 անդամ, զուգորդուած  եւ դիտորդ երկիրներ ու կառավարութիւններ ընդգրկող կառոյցին նախագահութիւնը: ԱԳ նախարարին խօսքով` Հայաստանը առաջին անգամ է ,որ պիտի իրականացնէ այս կարգի բարձր մակարդակի, ծաւալի եւ միջազգային ընդգրկուածութեամբ ձեռնարկ: Կ՝ակնկալուի, որ գագաթնաժողովին մասնակցին շուրջ հինգ տասնեակ պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներ, կը նախատեսուի նաեւ Ֆրանսախօս երկիրներու 31 գործընկեր կառոյցներու պատուիրակութիւններու մասնակցութիւնը:

Կ՝ակնկալուի հարիւրէն աւելի պատուիրակութիւններու ժամանումը, ընդհանուր հիւրերուն քանակը պիտի հասնի մինչեւ 4000 մարդ: Երկօրեայ գագաթնաժողովի մեկնարկէն երեք օր առաջ պիտի կայանայ արտաքին գործոց նախարարներու համաժողովը, որուն պիտի նախորդէ նաեւ մշտական խորհուրդին նիստը: Գագաթնաժողովին կարեւոր տեղ պիտի յատկացուի այնպիսի ուղղութիւններուն, ինչպէս կայուն զարգացումը, նորարարութիւնը,  տեղեկատուական ճարտարագիտութիւնները, մշակութային բազմազանութիւնը, երիտասարդութեան հարցերը եւ այլն: Ձեռնարկը հնարաւորութիւն կ՝ընձեռէ կազմակերպել տնտեսական գործարար ատեան`  ֆրանսախօս երկիրներու ընկերութիւններու եւ ձեռնարկութիւններու լայն ներկայացուածութեամբ: Ատոր ծիրէն ներս՝ առաջարկուած է իրականացնել հայկական ապրանքատեսակներու եւ ծառայութիւններու ցուցահանդէս, որուն միջոցով պիտի ներկայացուին Հայաստանի ներդրումային եւ առեւտրատնտեսական հնարաւորութիւնները, մեր երկրի զբօսաշրջային գրաւչութիւնը:

Վարչապետ Կարապետեան կարեւոր համարած է մեր երկրին մէջ նման ծաւալով ձեռնարկի բարձր մակարդակով կազմակերպումը եւ նշած. «Հետաքրքրական իրադարձութիւն է, հետաքրքրական հարթակ, օգտագործելով այս հնարաւորութիւնը` կրնանք լաւագոյնս ներկայացնել Հայաստանը եւ ալ աւելի ճանաչելի դարձնել մեր երկիրը»:

Վարչապետը շահագրգիռ գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն յանձնարարած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան գլխաւորութեամբ ստեղծուած աշխատանքային խումբին մէջ ներգրաւելու համար նշանակել յստակ պատասխանատուներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.