2017-02-10 09:51:00

Ֆրանսա Հայաստանին երկրաշարժ չափող 6 սարք պիտի տրամադրէ


Ֆրանսա Հայաստանին  երկրաշարժի ուժգնութիւնը չափող 6 սարք պիտի տրամադրէ: Այս մասին յայտարարած է արտակարգ իրավիճակներու փոխնախարար Հայկարամ Մխիթարեան՝ Փետրուար 9-ին, Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին, երբ պատգամաւորները կը քննէին «Երկրաշարժի պաշտպանութեան մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ մտցնելու հարցը:

Պատգամաւորներու հարցումներուն պատասխանելով, Մխիթարեան նշած է, որ վերջին 10 տարիներուն երկրաշարժի պատրաստուածութեան մակարդակը զգալիօրէն բարձրացած է:  Ան զեկուցած է, որ Գառնիի երկրաֆիզիքական աստղադիտարանը օժտուած է ամերիկեան, ֆրանսական եւ շարք մը այլ երկիրներէ բերուած սարքերով: Իսկ Վայքի երկրաշարժ չափող կայանը շուտով Ֆրանսայէն պիտի ստանայ երկրաշարժի ուժգնութիւնը չափող 6 նոր սարք:








All the contents on this site are copyrighted ©.