2017-02-10 08:52:00

Ֆրանչիսկոս Պապին զրոյցը միաբանութիւններու ընդհանուր մեծաւորներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) La Civiltà Cattolica պարբերաթերթին թիւ 4000րդ հատորին մէջ ամփոփուած են Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի, անցեալ տարուան նոյեմբերի 25ին, Վատիկանի Սիւնհոդոսական. դահլիճին մէջ միաբանութիւններու 140 ընդհանուր մեծաւորներու հետ հանդիպումի առիթով տուած յորդորները։

Սրբազան Հայրը, 3 ժամ տեւող հանդիպումի ընթացքին անդրադարձած է կղերականներու եւ կրօնաւորներու հայող զանազան հարցերու։

Նկատի առնելով 2018ի եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի աշխատանքները, որուն նիւթը պիտի ըլլայ «երիտասարդութիւն, հաւատք եւ կոչումի զատորոշում», Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծած է թէ այսօր «զատորոշել» կարենալը մեծ խնդիրներէն մէկն է։ Կղերիկոսներու կազմաւորման ժամանակ ընդհանրապէս վարժ ենք իրերը ներկայացնելու սեւ ու սպիտակ եւ կարծր նկարագրով, մինչ Աւետարանի հոգին է կարեւոր եւ ո՛չ թէ սեւեռումը վերացական վարդապետութիւններու վրայ։

Սրբազան Պապը մտահոգութիւն յայտնած է արեւմուտքի կրօնաւորութեան, եւ մանաւանդ նոր կրօնաւորական շարժումներու եւ հասարակութիւններու նկատմամբ, որովհետեւ, ան նկատած է թէ շատ անգամ մեծ խանդավառութիւն մը կայ այդպիսի հիմնադրութիւններու պարագային, սակայն կարճ ժամանակի մէջ գայթակղութիւններ եւ ոչ մաքուր դիտաւորութիւններ երեւան կու գան, ուր աւելի վստահութիւն կայ մարդկային ուժի քան Սուրբ Հոգւոյն շնորհքին վրայ, եւ այսպէսով այդ շարժումները արագ վերջ մը կը գտնեն։

Անդրադառնալով Աստուածածնի կերպարին, Սրբազան Հայրը ըսած է թէ կը տեսնէ մեծ ջերմեռանդութիւն Աստուածածնի հանդէպ, սակայն պէտք չէ տարուիլ մակերեսային ջերմեռանդութենէ եւ մոռնալ որ Մարիամ Յիսուսը կը ծնի մեր սրտերուն մէջ, ան Մայր է մեզի համար։

Երբ Սրբազան Պապին հարց տրուած է իր հանդարտ կեցուածքին մասին, յայտնած է թէ մինչեւ քահանայապետ ընտրուիլը այդպէս չէ եղած, այլ շատ անգամ մտահոգ եւ անհանգիստ։ Սակայն ընտրութենէն ետք կը զգայ աւելի խաղաղութիւն եւ իր հոգերը կը յանձնէ Սուրբ Յովսէփին, եւ կը վստահի աղօթքի, որ կը կատարէ հաւատարմութեամբ՝ Սուրբ Պատարագով, ժամերգութեամբ եւ վարդարանով եւ աղօթքի ժամանակ միշտ Աստուածաշունչը մօտն ունենալով։

Աւելի մանրամասն խօսելով կրօնաւորական կեանքի եւ կոչումի մասին, Ֆրանչիսկոս քահանայապետը շեշտած է պարզութեան վրայ, պարզութիւն մը որ մարգարէական է, հետեւելով Աւետարանին եւ կանոններուն առանց որեւէ շքեղութեան կամ շպարի։ Ապա անհրաժեշտ է որ կրօնաւորական հասարակութիւններու եւ թեմական քահանաներու խորհուրդներուն մէջ տիրէ ողորմածութեան եւ եղբայրութեան հոգին։

Կրօնաւորներ եւ քահանաներ պէտք է ըլլան օրինակ՝ իրենց կեանքով վկայելով խոնարհ եղբայրութեան հոգին։ Պէտք է նաեւ շատ ուշադիր ըլլալ, որ անհատներ, ընդունուելու համար իբր կրօնաւոր եւ քահանայ, ունենան կոչումի համար հարկաւոր հասունութիւնը։ Այս բանը կարեւոր է, մանաւանդ նկատի ունենալով սեռային զեղծումի պարագաները, ուր չորսէն երկու զեղծողները ինքնին զոհեր եղած են ժամանակին։ Յստակ է թէ, այսպիսի պարագաներ կործանիչ են, եւ ճիշդ անոնք որոնք պէտք է աւետարանէին Յիսուսը կը քանդեն Յիսուսի գործը, ։ Վերջապէս, Սրբազան Պապը յորդորած է, որ Եկեղեցին ինքնիր մէջ փակուած չմնայ։ Ան դուրս պէտք է գայ, ինչպէս ժամանակին առաքեալները դուրս եկան վերնատունէն։ Այսօր Եկեղեցին պէտք է շարունակէ ըլլալ ժողովուրդին մէջ, եւ ինքզինք կրկին չփակէ վերնատան մէջ - յորդորած է Ֆրանչիսկոս Պապ։








All the contents on this site are copyrighted ©.