2017-02-10 12:25:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. ''հիւանդ անձերը եւս եկեղեցւոյ թանկարժէք անդամներ են''


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 11 փետրուար 2017-ին, կէսօրին, Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի ՝՝եղբայրսիրութիւն եւ առողջութիւն՝՝ յանձնախումբի կողմէ կազմակերպուած հանդիպումի աւելի քան 300 մասնակիցները։ 
Այս առթիւ ներկաներուն  ուղղած ճառին սկիզբը, Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ,  վերջին ժամանակներուն առողջապահական մարզէն ներս արձանագրուած բարձր յաջողութիւններուն համար,  ինչպէս նաեւ անթիւ  այն այրերուն ու կիներուն,  որոնք ընդառաջելով Յիսուսի հրաւէրին  վեհանձն հոգիով մօտիկ կանգնեցան հիւանդներուն։
Սրբազան Հայրը անդրադառնալով վերջին տարիներուն` յատկանշուած ընկերային եւ մշակութային  ուժգին փոփոխութիւններով,  կեդրոնացաւ խաւար եւ լուսաւոր կէտերուն վրայ։ Ան լուսաւոր կէտերէն մին համարեց  գիտական հետազօտութիւնը, զոր բարձր յաջողութիւններ արձանգրած է առողջապահական մարզէն ներս եւ այս կապակցութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ՝ առողջապահական գործիչներուն համար, որոնք գիտութեան միջոցաւ եւ իրենց խղճմտանքով կը գործեն, որպէս առաքեալներ, կեանքի պաշտօնեաներ, որոնք իրենց ձեռքերով ամէն օր կը դպչին Քրիստոսի  տառապած մարմնին։ 
Սրբազան Հայրը ապա որպէս խաւար կէտ նկատեց, անձնական շահերուն համար հիւանդ եղբայրներուն եւ քոյրերուն շահագործումը, երբ անոնք  չեն նկատուիր որպէս կեդրոն ու կ՛ոտնակոխուի անոնց   արժանապատուութիւնը։ Այս առումով  Սրբազան Հայրը յորդորեց ներկաները հսկելու հիւանդներուն վրայ , յատկապէս տարեց հիւանդներուն վրայ, առաջին կարգին զետեղելով իւրաքանչիւր անձի արժանապատուութիւնը, սաղմէն մինչեւ մահ։
 
Ֆրանչիսկսո Պապ ապա  յիշեց քրիստոնէական ներշնչումով առողաջպահական բազմաթիւ հաստատութիւնները ու անոնց ներկայացուցիչներուն յայտնեց իր գնահատանքը՝ իրենց կատարած բարի գործերուն համար, քաջալերելով զանոնք  յառաջ տանելու  իրենց հիմնադիրներուն եղբայրական բարի առաքելութիւնը։ 
 
Ապա անդրադրռնալով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապի կողմէ հաստատուած հիւանդներուն համաշխարհային օրուան կէտնպատակներուն,  Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ որ Սուրբին նպատակն էր բացի կեանքի մշակոյթի զարգացումէն,  առողջապահական հովուական ծառայութեան մէջ ներառել ''թեմերը, քրիստոնէական հասարակութիւնները, եւ կրօնաւորական ընտանիքները'' ան ապա  յոյս յայտնեց, որ իրենց տուներուն մէջ խնամուած  հիւանդները եւս կարելիութիւնը ունենան փորձարկելու մօտիկութիւնը ու Քրիստոսի ներկայութիւնը` զանոնք այցելող անհատներու միջոցաւ։
 
Սրբազան Հայրը ճառը աւարտեց ընդգծելով, թէ հիւանդ անձերը  եւս եկեղեցւոյ արժէքաւոր անդամներն են, Սուրբ Կոյն Մարիամի բարեխօսութեամբ անոնց վրայ հայցելով` Աստուածային շնորհքները։ 
 
 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.