2017-02-10 09:45:00

Սուրբ Սարգիսի տօնը այս տարի կը նշուի փետրուար 11-ին։


Ս. Սարգիս զօրավարը իր որդին` Մարտիրոսի եւ 14 քաջ մարտիկներուն հետ նահատակուած է յանուն քրիստոնէական հաւատքի:Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Հայրապետի բարձր տնօրինութեամբ այն հռչակուած է երիտասարդներու օրհնութեան օր:  

Ս. Սարգիսի տօնը Հայաստանի մէջ ընդունուած է նշել ոչ միայն եկեղեցական ծէսով, աղօթքով, այլեւ ժողովրդական սովորոյթներով, որ  մեզի համար նուիրական աւանդոյթ է: Ս. Սարգիսը երիտասարդներու արագահաս բարեխօսն է: Անոր միջնորդութեամբ հրաշքներ  տեղի կ´ունենան: Այդ օրը երիտասարդները կ´աղօթեն Սուրբին, որ իրենց աղօթքները հասցնէ առ Աստուած: Ս. Սարգիսը սիրոյ երազանքը իրականացնող Սուրբ է:

Ժողովրդական սովորութիւններէն է նաեւ Ս. Սարգիսի տօնին նախորդող գիշերը երիտասարդներու`աղի բլիթ ուտելը, որուն հետ անոնք կը կապեն իրենց փեսացուի կամ հարսնցուի երազայայտնութիւնը:

Այդ օրը յիշատակելի սովորութիւններէն է փոխինդով մատուցարանը դնել տան տանիքին կամ պատշգամին եւ սպասել Ս. Սարգիս զօրավարի ձիու պայտի հետքին: Ըստ աւանդոյթին` Ս. Սարգիսը պէտք է հրեշտակներու ուղեկցութեամբ անցնի եւ որուն մատուցարանին մէջ դրուած ալիւրի կամ փոխինդի մէջ ձգէ իր սպիտակ (մաքրութիւն, անաղարտութիւն կը խորհրդանշէ) ձիու պայտի հետքը, այդ տարի կ’իրականանայ երիտասարդին երազանքը: Սիրահարուած երիտասարդները տօնին առթիւ իրարու բացիկներ եւ քաղցրաւենիք  կը նուիրեն:

Սբ Սարգիս զօրավարի տօնին առթիւ կազմակերպուող ձեռնարկներու ժամանակացոյցին կրնաք ծանօթանալ այստեղ:








All the contents on this site are copyrighted ©.