Վայոց Ձորի մէջ գտնուող Շատիվանքի վանական համալիրը կը գտնուի կործանման եզրին։ Ուխտագնացութեան վայր համարուող այս յուշարձանին ծածկի սալաքարերը թափուած են ու խախտած, տանիքի առանձին մասեր ալ դարձած են վտանգաւոր, փլուզուած է բրգաձեւ պարիսպին մէկ հատուածը:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ Շատին համայնքի ղեկավար Տիգրան Խուտոյեան վստահեցուցած է, որ նշեալ խնդիրով դիմած են պատկան մարմիններուն, բայց ոչ մէկ արձագանգ: «Պատմական այս յուշարձանը, որ նաեւ բացառիկ է իր կառուցուածքով, կը քայքայուի եւ կը կորսնցնէ իր բովանդակային մասը»,- ըսած է համայնքի ղեկավարը:
ՀՀ մշակոյթի նախարարի տեղակալ Արեւ Սամուէլեան, իր հերթին, տեղեկացուցած է, որ 2009 թուականին իրականացած է Շատիվանք վանական համալիրի կարգաւորում, եւ նշեալ յուշարձանը կը գտնուի ոլորտի պատասխանատու գերատեսչութեան ուշադրութեան կեդրոնին: «ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւնը կ՝իրականացնէ պատմամշակութային յուշարձաններու ամենամեայ կարգաւորում, որուն իբրեւ արդիւնք՝ կը ձեւաւորուի առաւել վտանգուած եւ արժէքաւոր յուշարձաններու ցանկ: Պետական պիւտճէի յատկացումներու հաշուին՝ 2017-2019 միջնաժամկէտ ծախսային ծրագիրով՝ 2018-ին նախատեսուած է գումար յուշարձանի վերականգնման գիտանախագծային փաստաթուղթերու մշակման համար»,- ըսած է ան:
Նախարարի տեղակալը ցաւով արձանագրած է, որ պիւտճէի յատկացումները քիչ են, եւ անգամ մեծ ցանկութեան պարագային՝ հնարաւոր չէ անդրադառնալ բոլոր յուշարձանները մասնակի փլուզումէ փրկելու խնդիրին: «Անոնք կրնան իրականացուիլ միայն երկարաժամկէտ ծրագիրներու իբրեւ արդիւնք, չնայած հնարաւորութեան պարագային՝ անպայմանօրէն պիտի անդրադառնանք այս յուշարձանին»,- վստահեցուցած է Արեւ Սամուէլեան:
Նշենք, որ Շատիվանքը կը գտնուի Շատին գիւղէն 4 քմ արեւելք` ձորամիջի բարձրադիր գոգաւորութեան վրայ: Ստ. Օրբէլեանի վկայութեան համաձա յն` անիկա կառուցուած է 929թ. Բագրատունի Աբաս Ա թագաւորի գահակալութեան շրջանին: Բաղկացած է եկեղեցիէն եւ վանական միաբանութեան բնակելի ու այլ շինութիւններէ:
1671-1674 ընթացքին եկեղեցին վերակառուցուած է ջուղայեցի գրասէր վաճառական Մահտեսի Յակոբի ջանքերով: Եռանաւ բազիլիկ եկեղեցի է` իր բոլոր յատկանշական կառոյցներով: Ունի երեք մուտք, 8 լուսամուտ: Եկեղեցւոյ արեւմտեան մասին պահպանուած են գաւիթի հետքեր: Պատերուն մէջ՝ վերանորոգումներու ժամանակ՝ օգտագործած են հին շէնքի սրբատաշ քարեր, խաչքարեր, ներսէն` փոքր, անտաշ քարեր: Խորանը ժամանակին սուաղուած է եւ վրան որմնանկարներ եղած են: Որմնանկարներէն մէկուն նկարին մէկ մասը պահպանուած է: Վանքի ընդարձակ բակը՝ տեղ-տեղ շրջապատուած է բրգաձեւ պարիսպով, որուն հարաւային հատուածին պահպանուած են վանական համալիրի օժանդակ շէնքեր: 35 բնակելի եւ այլ երկյարկ շէնքեր տարածուած են հարաւային պարիսպի ողջ երկայնքով: Պարիսպէն դուրս կը գտնուին իր կառուցման ինքնատիպութեամբ ուշադրութիւն գրաւող ջրաղացի աւերակները: Շատինի վանքը Վայոց Ձորի երկարատեւ կեանք ունեցող վանքերէն է:
All the contents on this site are copyrighted ©. |