2017-02-10 10:38:00

Հայր Լոմպարտի. ''Պենետիկտոս ԺԶ աղօթքով կը զօրակցի Ֆրանչիսկոս Պապին''։


(Ռատիօ Վատիկան)  11 փետրուար, 2017-ին, կը նշուի Պենտետիկտոս վաստակաւոր քահանայապետի  Աուրբ Պետրոսի գահէն  հրաժարականի տարեդարձը զոր ներկայացուցած էր 2013-ի փետրուար 11-ին։   

Այս մասին Վատիկանի Ռատիօ կայանի հետ զրոյց ունեցաւ ՝՝Ժոզեֆ Ռացինկեր՝՝ Վատիկանեան հիմնարկի նախագահ՝ Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին,  որ  յայտնեց թէ Պենետիկտոս Պապի  հրաժարականէն չորս տարի ետք, աւելի լաւ կը հասկացուի քահանայապետին աննախադէպ ժեսթը,   շնորհիւ  Ֆրանչիսկոս Պապի Եւ վաստակաւոր քահանայապետին միջեւ հաստատուած եղբայրական սերտ կապին։

Հայր Լոմպարտին նշեց թէ վաստակաւոր Քահանայապետը իր առօրեան կ՝ապրի աղօթքի եւ հոգեւոր մեկուսացեալ կեանք վարելով։ Ան` ինչպէս նշած էր հրաժարականի օրերուն, աղօթքի միջոցաւ կ՝ընկերակցի եկեղեցւոյ  եւ կը բաժնեկցի Սուրբ Պետրոսի յաջորդին եկեղեցւոյ ծանր պատասխանատուութիւնը։

Հայր Լոմպարտին յայտնեց թէ   զանազան առիթներով հանդիպած Է վաստակաւոր  Քահանայապետին հետ, նշելով թէ Անոր  առողջութիւնը լաւ է սակայն՝  բնականաբար տարիքի բերումով մարմնական ուժերը սպառումի մէջ են մինչ կատարեալ վիճակի մէջ կը գտնուին հոգեւոր եւ մտային կարողութիւնները։

Հայր Լոմպարտին  անդրադարձաւ  նաեւ Պենետիկտոս քահանայապետին ՝՝վերջին զրոյցներ՝՝խորագիրով գիրքին մասին, նշելով թէ այս վերջին չորս տարիներուն Պենետիկոս Պապի աղօթքի եւ մեկուսացեալ  կեանքը, կատարեալ կերպով կը համապատասխանէ վերոնշեալ գիրքի պարունակութեան աւեցնելով թէ Վաստակաւոր Քահանայապետը իր ծերութիւնը կ՝ապրի որպէս պատրաստութեան ժամանակ՝ հանդիպելու Տիրոջ հետ։

Ինչ կը հայի Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետի եղբայրական կապերուն,  Հայր Լոպարտին հաստատած է թէ Ֆրանչիսկոս Պապ յաճախ կապի մէջ է Պենետիկտոս ԺԶ-ի հետ,  ըլլայ անձնական այցելութիւն կատարելով ըլլայ հեռաձայնային կապերով։ Մինչ Պենետիկոս ԺԶ –ը աղօթքով կը  զօրակցի Ֆրանչիսկոս Պապին ու Եկեղեցւոյ։

Հայր Լոմպարտի այս առընչութեամբ, երկու Քահանայապետերու ներկայութիւնը եկեղեցւոյ մէջ համարած է աննախադէպ  իրողութիւն՝ զայն որակելով մխիթարիչ ու գեղեցիկ։








All the contents on this site are copyrighted ©.