2017-02-09 12:20:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց հրէական հակավարկաբեկման միութեան պատուիրակութիւն մը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 9 փետրուարին, առաւօտեան, Վատիկանի ՝՝Քահանայապետներու՝՝ անուան դահլիճին մէջ  ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց  հրէական Հակավարկաբեկման միութեան պատուիրակութիւն մը։

Այս առթիւ իր արտասանած ճառին մէջ սրբազան Հայրը  նախ յիշեց,   Սուրբ ՅՊԲ եւ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետը,  որոնք Վատիկանի  մէջ  նախապէս  ընդունած էին վերոյիշեալ կազմակերպութեան պատուիրակութիւնները,  որ Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովէն վերջ Սուրբ Աթոռին հետ սերտ յարաբերութեանն  մէջ կը գտնուին  եւ այս առնչութեամբ Սրբազան Հայրը իր  ուրախութիւնը յայտնեց Սուրբ Աթոռի եւ յիշեալ կազմակերպութեան միջեւ կը շարունակուին բարեկամական  յարաբերութիւնները, որ վկայութիւն է միացեալ յանձնառութեան ու  համերաշխութեան, շնորհակալութիւն յայտնելով Աստուծոյ,    կաթողիկէներու եւ Հրէաներու միջեւ հարազատ եւ սերտ բարեկամական յարաբերութիւններուն համար ։

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ անցեալ տարի՝ 2016-ին, Աուշվից Պիրքէնաու հրէաներու ողջակիզման վայր այցելութեան, յայտնելով թէ չկան  խօսքեր  եւ համապատասխան խոկումներ   արտայայտուելու համար նման սարսափելի դաժանութեան եւ մեղքին դիմաց,  կայ միայն աղօթք, որպէսզի Աստուած ողորմի եւ չի կրկնուին նման ողբերգական արարքներ։

Սրբազան Հայրը անդրադառնալով հակասեմականութեան երեւոյթին, դատապարտեց զայն ըսելով, որ անիկա ամբողջովին հակառակ է քրիստոնէական սկզբունքներուն,  վերահաստատելով Եկեղեցւոյ յանձնառութիւնը՝ իր ամբողջ կարողականութեամբ ՝Հրէա եղբայրներուն հետ միասին  հակադարձելու հակասեմական  միտումներուն։

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց հրէական Հակավարկաբեկման միութեան պատուիրակութեան Հակասեմականութեան դէմ տարած աշխատանքներուն համար հաստատելով՝ թէ   Իւրաքանչիւր մարդու կեանքի՝ Սուրբ գանձին  պահպանումը՝ յղացումէն մինչեւ վերջ, պահպանելով անոնց արժանապատուութիւնը,  լաւագոյն ուղին է կանխելու համար ամէն տեսակ բռնութիւն, ապա՝ քաջալերեց ներկաները նպաստելու կրօնքի ազատութեան,  պահպանելով հաւատացեալները եւ կրօնքները ամէն տեսակի բռնութիւններէն։

Ֆրանչիսկոս Պապ ճառը աւարտեց իր գնահատանքը յայտնելով հրէական կազմակերպութեան ՝Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ ունեցած երկխօսութեան համար ապա Ամենակալին օրհնութիւնը հայցեց Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Հրէաներու միջեւ միացեալ յանձնառութեան եւ բարեկամական սերտ յարաբերութեան վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.