2017-02-09 09:42:00

Տը Միսթուրա յետաձգած Է Սուրիոյ շուրջ բանակցութիւններու հրաւէրներու յղումը


Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա Ժընեւի մէջ միջսուրիական բանակցութիւններու հրաւէրներու առաքումը յետաձգած է 8 փետրուարէն աւելի ուշ ժամկէտի: Բանակցութիւնները նախատեսուած են 20 փետրուարին:

«Հրաւէրները պիտի ուղարկուին մօտ օրէն եւ ոչ թէ 8 փետրուարին, ինչպէս նախապէս յայտարարուած էր», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Տը Միսթուրայի գրասենեակէն կը բացատրեն, որ յետաձգման պատճառը «սուրիական կողմերուն հետ այժմ ընթացող խորհրդակցութիւններն են, որոնք կը վերաբերին պատուիրակութիւններու կազմութեան»:

Միեւնոյն ժամանակ, ինչպէս ընդգծուած է հաղորդագրութեան մէջ, «հրաւէրները ուղարկելու ժամկէտէն անկախ, յատուկ պատուիրակը կը պահպանէ 20 փետրուարին միջսուրիական բանակցութիւններ հրաւիրելու իր մտադրութիւնը»:








All the contents on this site are copyrighted ©.