2017-02-09 09:08:00

Գերապայծառ Փոլ Կալլակերի զրոյցը Ճափոն կատարած առաքելութեան մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի պետութիւններու հետ  յարաբերութիւններու բաժանմունքի քարտուղար՝ Գերապայծառ Փոլ Կալլակեր, վերջերս առաքելական ճամբորդութեամբ այցելեց Ճափոնը, ուր հադիպումներ ունեցաւ քաղաքական եւ եկեղեցական անձնաւորութիւններու հետ։

Գերապայծառ Կալլակեր, Վատիկանի Ռատիօ կայանի հետ ունեցած զրոյցի մը  ընթացքին    ներկայացուց  վերոնշեալ ճամբորդութեան  հաշուէկշիռը ,յայտնելով, թէ իր ունեցած հանդիպումներուն կեդրոնական նիւթ եղած են խաղաղութիւնը, մարդու իրաւունքները  եւ ապազինումի հարցերը։

Խօսելով խաղաղութեան մասին, գերապայծառ Կալլակեր նշեց,  թէ  Ճաբոնցիներուն համար խաղաղութիւնը յատուկ նշանակութիւն ունի, յատկապէս համաշխարհային 2 պատերազմէն վերջ`  հիւլէական ռումբերու դժբախտ փորձառութեան հետեւանքով ։ Ճափոնցիները լաւապէս կը ճանչնան խաղաղութեան կերտման բարձր արժէգինը, եւ անոնք ճիգ չեն խնայեր. հարեւան երկիրներու հետ բարի յարաբերութիւններ ապահովուելու համար։

Գերապայծառ Կալլակեր անդրադարձաւ հիւլէական ռումբերու ապազինման հարցերուն, ըսելով թէ Վատիկանը կը շարունակէ աշխատանք տանիլ  այս ուղղութեամբ՝ երկու միջոցներով. առաջին՝ միջազգային կազմակերպութիւններուն միջոցաւ,  որոնք կը պայքարին հիւլէական ռումբերուն տարածման դէմ։ Երկրորդ՝ եկեղեցւոյ միջոցաւ, եւ այս առումով ան մաղթանք յայտնեց, որ կաթողիկէ հասարակութիւնները կարենան խանդավառուիլ  խաղաղութեան հոգիով,  ինչպէս նաեւ եղբայրական բարոյականութեան փնտռտուքով, որոնք կը  նպաստեն մտավախութիւնները   փարատելու ։

 Անդրադառնալով աղքատներու եւ գաղթականներու երեւոյթի  մասին Գերապայծառ Կալլակեր յայտնեց, թէ պէտք է նուազեցնել եւ լուծել  հակամարտութիւնները, պէտք է աշխատիլ տնտեսական աճումին ի շահ յատկապէս այն երկիրներուն մէջ ուր աղքատները ստիպուած են աւելի լաւ ապագայ փնտռել՝  իրենց եւ իրենց  ընտանիքներու համար։

Գերապայծառը անդրադարձաւ նաեւ  Ֆրանչիսկոս Պապի Վատիկանեան դիւանագիտութեան,  յայտնելով թէ Սրբազան Հօր համար Վատիկանեան դիւանագիտութիւնը կը կայանայ    ծառայութեան արտայայտութեան մէջ,  որ եկեղեցին ընդմիշտ տրամադրած է միջազգային ընտանիքին, աւեցնելով որ   եկեղեցին պատասխան կուն տայ  այն կառավարութիւններուն եւ ժողովուրդներուն կոչերուն՝  որոնք կը նպաստեն խաղաղութեան ամրապնդման։ Գերապայծառ Կալլալեր ընդգծեց թէ  Եկեղեցին չի յաւակնիր  բոլոր հարցերուն լուծումները ունենալ,  սակայն՝ կրնայ եղբայրական հոգիի միջոցաւ օգնել ուրիշներուն, շրջանցել ամէն նախապաշարում, երկխօսութեան ի շահ հանդիպումներ  կազմակերպելով։








All the contents on this site are copyrighted ©.