2017-02-09 12:45:00

2016-ին Մ. Մաշտոցի անուան մատենադարան այցելած է 89 հազար մարդ


Մ.Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական Մատենադարան ուսումնարան 2016 թուականին այցելած է 89 հազար մարդ: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, ըսած է Մատենադարանի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Վահան Տէր Ղեւոնդեանը։

Ան նշած է, որ այցելուներու այս ցուցանիշը 3 հազարով գերազանցած է 2015 թուականի տուեալները: Այցելուները եղած են ամենատարբեր երկիրներէ, աշխարհագրութիւնը ամէն տարի կ՝ընդլայնուի: Հայաստան եկած բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ անպայման կը ձգտին այցելել Մատենադարան, ծանօթանալ այնտեղ ցուցադրուած ձեռագրային գանձերուն: Վահան Տէր Ղեւոնդեան նշած է, որ մեծ թիւով այցելուներ կու գան Սպանիայէն, Իտալիայէն, Ռուսիայէն, այցելուներ կան նաեւ Իրանէն, Ֆրանսայէն, Լեհաստանէն, Պալգանեան երկիրներէն, Գերմանիայէն, Չինաստանէն եւ այլն:

«Ընդգծեմ, որ տարուէ տարի Մատենադարան այցելութիւններուն թիւը կ՝աւելնայ: Զբօսաշրջիկները կու գան, թէ՛ զբօսաշրջային կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ, թէ առանձին»,- ըսած է Վահան Տէր­ Ղեւոնդեան:

Մատենադարանի մէջ կ՝աշխատին զբօսավարներ, որոնք մասնագիտացուած են 6­7 օտար լեզուի գծով: Այժմ կը նախատեսուի իրականացնել ծրագիր մը, որ այլ լեզուներու տիրապետող գիտնականները եւս ժամանակ առ ժամանակ աշխատին զբօսաշրջիկներու հետ:

«Մենք այդ ծրագիրը ­որոշ չափով իրականացուցած ենք: Երբ Իրանի փոխնախագահը եկած էր, մեր աշխատակցուհին, որ կը տիրապետէ պարսկերէնին, այդ լեզուով իսկ բացատրեց: Ներկայիս այդ ծրագիրը կ՝ուզենք աւելի կազմակերպուած հիմքերու վրայ դնել: Այն գիտաշխատողները, որոնք կը տիրապետեն, օրինակ, լեհերէնին, հունգարերէնին, կրնան այդ երկիրներէն եկած խումբերու հետ աշխատիլ իրենց իսկ լեզուով»,- ըսած է ան` ընդգծելով, որ Մատենադարանը կը ծրագրէ հատել այցելուներու` խորհրդանշական 100 հազար ցուցանիշը:

Վահան Տէր Ղեւոնդեան նաեւ նշած է, որ Մատենադարանը աշխոյժ աշխատանք կ՝իրականացնէ ցուցադրութիւններու կազմակերպման ուղղութեամբ: Այդ տեսանկիւնէն նոր մասնաշէնքին առկայութիւնը լայն հնարաւորութիւններ կու տայ: Նախկին 1­2 ցուցասրահին փոխարէն՝ այժմ կայ 10-էն աւելի ցուցասրահ:

«Բազմաթիւ նոր ցուցադրութիւններ եղան վերջին քանի մը տարիներուն, օրինակ Նոր Ջուղայի ձեռագիրներուն, արաբատառ ձեռագիրներուն, պարսկական ձեռագիրներուն նուիրուած ցուցադրութիւններ: Մեծ ցուցադրութիւն ունենցանք Հայոց Ցեղասպանութեան 100-­րդ տարելիցին: Այս տարի եւս նոր ցուցադրութիւններ կը նախատեսենք, մասնաւորապէս, Ղրիմի հայկական մանրանկարչութեան նուիրած: Ասոնցմէ բացի, նախատեսած ենք հայ-­լեհական ցուցադրութիւն: Այս տարի կը լրանայ այն յայտնի հրամանագիրին 650-­ամեակը, որ ստորագրած է Լեհաստանի թագաւոր Գազիմիրը: Այդ հրամանագիրը, կարծես, Լեհաստանի մէջ հայ համայնքի ծննդեան վկայականը ըլլար: Ահա պիտի ըլլայ այդ իրադարձութեան նուիրուած ցուցադրութիւն, գիրքի հրատարակութիւն»,- ըսած է  Վահան Տէր Ղեւոնդեան:

Ան նկատած է, որ ժամանակին Լուովը կը մտնէր Լեհաստանի կազմին մէջ, եւ այդ ընթացքին Լուովը հայկական տպագրութեան հնատիպ կեդրոններէն մէկն էր: Հայ­լեհական ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուին ձեռագիրներ, հնատիպ գիրքեր` կապուած այդ ժամանաաշրջանին հետ:

Տարուան ընթացքին նախատեսուած է նաեւ ցուցադրութիւն` նուիրուած Լազարեաններուն: Պիտի ներկայացուին արժէքաւոր նիւթեր` կապուած Լազարեաններու ժառանգութեան հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.