2017-02-08 11:17:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը Մայանմարի ''Ռոհինկիա'' ցեղին պաշտպանութեան ի նպաստ։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 8 փետրուար 2017-ին, հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով երիտասարդները հիւանդներն ու նորապսակները` յիշեց թէ այսօր օրն է Քոյր Ժուզեփփինա Պախիթայի յիշատակին, որ մանուկ հասակին զոհ եղաւ  մարդավաճառութեան։

Այս աղջիկը Ափրիկէի մէջ թիրախ դարձաւ խտրականութեան ու շահագործումներուն եւ ասով հանդերձ  չի կորսնցուց իր հաւատքն ու յոյսը եւ եւրոպա հասաւ որպէս գաղթական, ուր ապա ունկնդրեց Տիրոջ ձայնը ու նուիրուեցաւ կրօնաւորական կեանքին, ըսաւ Նորին Սրբութիւն եւ աւելցուց ''խօսելով գաղթականներու մասին կ՛ուզեմ ձեզ հրաւիրել յատուկ կերպով աղօթելու Մայանմարի ''Ռոհինկիա'' մահմետական ցեղին պատկան մեր եղբայրներու եւ քոյրերուն համար, որոնք հալածանքի թիրախ են ու կը վտարուին իրենց հողերէն։ Անոնք մեր եղբայրներն ու քոյրեր են որոնք տարիներէ ի վեր կը տառապին պարզապէս որովհետեւ կապուած են իրենց հաւատքին եւ իրենց ինքնութեան­, ըսաւ ապա Սրբազան Պապը  ու հրաւիրեց բոլոր ներկաները միասին աղօթելու Հայր Մերը, հուսկ խօսքը ուղղեց երիտասարդներուն, հրաւիրելով զանոնք օրինակ առնել Քոյր Ճուզեփփինա Պախիթայէն ու հոգածութեան հոգիով մօտենալ  կարեկից ու դժուարութեան մէջ գտնուող իրենց հասակակիցներուն, ապա հիւանդներէն խնդրեց որ  Քոյր Ժուզեփփինայի օգնութեամբ իրենց ցաւերը նուիրեն նոր սերունդներուն քրիստոնէականի դաստիարակութեան համար­, մինչ նորապսակներուն մաղթեց որ Քոյր Պախիթան զանոնք քաջալերէ ապաւինելու  ոչ միայն իրենց կարողութեան` այլեւ Աստուծոյ նախախնամական օգնութեան վրայ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.