2017-02-08 11:29:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հրաւէրը աղօթելու հիւանդներուն համար եւ պայքարելու մարդավաճառութեան դէմ


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 8 փետրուար 2017-ին, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ յիշեց Ճափոնի Օսաքա քաղաքին մէջ նոր երանելի հռչակուած երանելի Ժուսթօ Ուքոն, անդրադարձաւ մարդավաճառութեան դէմ  պայքարի եւ հիւանդներուն նուիրուած  զոյգ օրերուն։

Ակնարկելով նորահռչակ երանելիին մասին Սրբազան Քահանայապետը յայտնեց, թէ Ան եղած է հաւատարիմ Ճափոնցի աշխարհական, որուն կեանքը  մարտիրոսութեամբ պսակուեցաւ Մանիլա քաղաքին մէջ 1615-ին։

''Ան փոխանակ փոխզիջումներու դիմելու,  մերժեց պատիւներ ստանալ,  ընդունելով նուաստաւցումի եւ աքսորի կեանքը ու հաւատարիմ մնալով Քրիստոսի  եւ Աւետարանին'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով, որ ասոր համար է որ երանելի Ուքոն,  տիպար է սքանչելի հաւատքի զօրութեան եւ եղբայրսիրութեան անձնուիրութեան։

Նորին Սրբութիւնը ապա՝ անդրադարձ կատարեց այսօր նշուող  մարդավաճառութաեան դէմ  աղօթքի օրուան, որ այս տարին յատուկէն նուիրուած է մանուկներուն եւ անչափահասներուն։

՝՝Կը քաջալերեմ  բոլոր անոնք որոնք զանազան ձեւերով կ՝օժանդակեն ստրկութեան եւ բռնութեան ենթարկուող անչափահասները ազատելու այդ  հալածանքներէն։  Կը մաղթեմ, որ  բոլոր անոնք որոնք քաղաքական պատասխանատուութիւն ունին որ վճռակամութեամբ պայքար մղեն  սոյն ժանտախտին, ձայն տալով ամենափոքր մեր եղբայրներուն, որոնց արժանապատուութիւնը ոտնակոխուած է։ Հարկաւոր է ամէն ջանք թափել արմատախիլ ընելու այս ամօթալի եւ անընդունելի ոճիրը'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ապա անդրադառնալով  յառաջիկայ շաբաթ 11 փետրուարին նշուելիք հիւանդներուն համաշխարհային օրուան ըսաւ

՝՝հիւանդերուն համաշխարհային օրը  տեղի պիտի ունենայ Լուրտի մէջ Վատիկանի Պետական Քարտուղաըի նախագահութեամբ''։

Մեր Սուրբ Մօր բարեխօսութեամբ կը հրաւիրեմ աղօթելու բոլոր հիւանդներուն համար , յատկապէս անոնց որոնք ծանր վիճակի մէջ եւ միայնակ են, ու նաեւ բոլո անոնք որոնք խնամք կը տանին հիւանդներուն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.