2017-02-08 11:02:00

Ռոհանի Արցախի հարցը պիտի քննէ Փութինի հետ


ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի մտադիր է այցելել Մոսկուա եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկել նաեւ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցը. այս մասին յայտարարած է Իրանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Լեւան Ճաղարեան՝ ըստ «ՌԻԱ Նովոսթի»ին:

«Ռոհանիի այցը կը նախատեսուի Մարտի վերջաւորութեան. անոր ընթացքին պիտի քննարկուին երկկողմանի յարաբերութիւններու առանցքային հարցերը: Բացի անկէ, անկասկա՛ծ ուշադրութեան կեդրոն պիտի ըլլան տարածաշրջանային քաղաքականութեան օրակարգի առաւել սուր հարցերը, որոնց շարքին են՝ Աֆղանիստանի իրավիճակը, Կասպից ծովու հարցը եւ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը», ըսած է դեսպանը:

Ռոհանի Դեկտեմբեր 21ին, Երեւանի մէջ յայտարարած էր, թէ Արցախի հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի: «Իրանի համար Հայաստանն ու Ատրպէյճանը բարեկամ երկիրներ են, եւ մենք յոյս ունինք, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ականատեսները կը դառնանք», օրին յայտարարած էր ան:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.