2017-02-08 11:15:00

Պաթումի քաղաքի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին վնասուած է


Փետրուար 4-ին փլուզուած է Պաթում քաղաքի Գամսախուրդիա 35 հասցէին  գտնուող հայկական կաթողիկէ եկեղեցւոյ տանիքը:

Պաթումի սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ, Աճարիոյ, Գուրիայի եւ Իմերեթիի հայութեան հոգեւոր հովիւ Արարատ Գումբալեան «Հետք»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին պատմած է, որ շէնքը կը գտնուէր վթարային վիճակի մէջ, ու չդիմանալով առատ ձիւնի տեղումներու ծանութեան՝ խոնարհուած է:

Արարատ քահանայ Գումբալեանի տեղեկութիւններով` եկեղեցին 1877-ին կառուցած են հայ կաթոլիկները: Անիկա փակուած էր խորհրդային տարիներուն եւ օգտագործուած իբրեւ մարզական-դպրոց: Անկախացումէն ետք՝ մարզական-դպրոցը եւս փակուած է եւ այլեւս չէ վերաբացուած: 2011 թուականին Վրաստանի կառավարութիւնը շէնքը նուիրած է վրացական եկեղեցիին, որ որեւէ գործողութիւն եւ քայլ չէ ձեռնարկած զայն վերականգնելու կամ որեւէ նպատակով օգտագործելու համար:

«Քանի որ ոչ մէկ բան կ՝ընեն եւ չեն վերականգներ, մենք` Հայ առաքելական եկեղեցին, կոչով կը դիմէ իշխանութիւններուն, որ շէնքը վերադարձնեն հայ համայնքին եւ Հայ եկեղեցիին, եւ մենք փորձենք վերականգնել այս հոգեւոր կառոյցը»,- ըսած է Տէր Հայրը:

Քահանան պատմած է, որ Պաթումի մէջ այժմ հայ կաթողիկէներ, իբրեւ այդպիսին, չեն առանձնացուիր, եւ բոլոր հայերը կը յաճախեն Պաթումի հայ առաքելական Սուրբ Փրկիչ եկեղեցի:

«Մենք մեր գործունէութեան մէջ չենք տարանջատեր հայ համայնքը, ատոր համար կ՝ուզենք եկեղեցին վերադարձնել եւ հոգեւոր կեդրոն դարձնել: Իրենք ալ կ՝ըսեն` չեն կրնար վերականգնել, գումար չունին եւ այլն: Մենք կ՝ըսենք, որ եթէ իրենք չունին, թող տան մեզի, որ մենք տէր կանգնինք այդ կառոյցին: Մենք պետութենէն կ՝ուզենք, յայտարարած ենք եւ երեւի նամակով ալ դիմենք, որ վերադարձնեն եկեղեցին: Հոգեւոր կառոյցը պէտք է գործէ, ատիկա հոգեւոր արժէք է ե՛ւ քաղաքին համար, ե՛ւ հայութեան համար ընդհանրապէս»,- ըսած է Արարատ քահանայ Գումբասարեան:

Ան վստահ է, որ վթարային եկեղեցին հնարաւոր է վերակառուցել, քանի որ պատերը կանգուն են: Կտուրն է,միայն, որ հին եղած է եւ փլուզուած:

Թէ յստակ ինչ պիտի ընեն այդ եկեղեցւոյ հետ՝ վերադարձուելէն ետք, Տէր Հայրը դեռ չի գիտեր: Կը պնդէ, որ կարեւորը հոգեւոր կեդրոնը փրկելն է, թէ առաջնահերթը եկեղեցւոյ շէնքի փրկութիւնն է:

«Երբ որ փլուզուած չէր, կ՝ըսէին` կաթողիկէ եկեղեցի է, երբ որ արդէն վատ վիճակի մէջ է, խոնարհուած է` կ՝ըսեն հայ կաթողիկէ է: Քանդուածին տէր չեն փորձեր ըլլալ, բայց մենք քանդուածին ալ պիտի տէր ըլլանք, այս է մեր խնդիրը»,- ընդգծած է Տէր Հայրը:

Վրաստանի իշխանութիւններէն դեռ արձագանգ չեն ստացած: Սակայն պատրաստ են նաեւ գրաւոր դիմելու կառավարութեան:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.