2017-02-08 10:48:00

ՄԱԿը կը քննադատէ ապօրինի բնակավայրերը «Օրինական» որակող Իսրայէլի որոշումը


ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- ՄԱԿը, ինչպէս նաեւ շարք մը երկիրներ եւ կազմակերպութիւններ, Փետրուար 7ին դատապարտեցին Իսրայէլի խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած այն որոշումը, որ օրինական կը դարձնէ պաղեստինցիներու պատկանող տարածքներու մէջ գտնուող հրէական ապօրինի բնակավայրերը։

Քաղաքական մեկնաբաններ Իսրայէլի այս որոշումը կը կապեն նման ապօրինի բնակավայրերու ջատագով Տանըլտ Թրամփի՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ ընտրուելուն հետ:

Նշենք, որ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը Դեկտեմբեր 23ին վաւերացուցած էր նման բնակավայրերու կառուցումը դատապարտող թիւ 2334 որոշումը, մինչ ամերիկացի դեսպանը ձեռնպահ մնացած էր. այնուամենայնիւ, Թրամփի ընտրութենէն ետք, Իսրայէլ աւելի քան 6000 նման բնակավայրեր կառուցելու որոշումներ տուած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.