2017-02-07 08:43:00

Ֆրանչիսկոս Պապ 200 հազար եւրօ կը նուիրէ Պանկիի հիւանդանոցին։


 (Ռատիօ Վատիկան) “Christo’s box. Between art and mercy. A gift for Bangui” նախաձեռնութեամբ արուեստը եւ ողորմութիւնը իրարու միանալով սատարեցին 200 հազար  եւրոյի հանգանակութեան որոնք դրուեցան Ֆրանչիսկոս Պապին տրամադրութեան տակ որ իր կարգին զանոնք յատկացուց Կեդրոնական Ափրիկէի մայրաքաղաք` Պանկիի հիւանդանոցին որպէս նուէր։

Վերոնշեալ ձեռնարկը իրականացուած է Պուլկարացի յայտնի արուեստագէտ '' Christo'' ի  եւ Սուրբ Աթոռի Հաղորդակցութեան քարտուղարութեան կառավարիչ` Գերապայծառ Տարիօ Վիկանոյի համագործակցութեամբ։ 

200 հազար եւրոյի գումարը հանգանակուեցաւ շնորհիւ  ''Christo''ի նուիրած արուեստական մէկ ստեղծագործութեան նմուշներու վաճառումին։ Այդ գումարը այժմ յատկացուեցաւ, ինչպէս նշեցինք, Կեդրոնական Ափրիկէի մայրաքաղաք` Պանկիի մանկաբուժարանին ու յատկապէս այնտեղ խնամուած աղքատ բոլոր մանուկներուն անխտիր, անկախ անոնց կրօնական կամ ցեղային պատկանելիութեան­, տրուած ըլլալով որ, ինչպէս նոյնինքն յայտնած է Քահանայապետը ընդունելով նուէրը, բոլոր մանուկները կարիքն ունին խնամքի եւ հոգատարութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.