2017-02-07 10:16:00

Հենրիխ Մխիթարեան դարձեա՛լ լաւագոյն մարզիկ կը հանդիսանայ


Անգլիոյ ախոյեանութեան 24րդ հանգրուանի մրցումներուն, «Մանչեսթըր Եունայթըտ»ը, որ հիւրն էր անցեալ տարուան անակնկալ ախոյեան «Լայսթըր Սիթի»ին, 3-0 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց: Մրցումի 42րդ վայրկեանին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, գնդակը դաշտի կեդրոնէն խլելով՝ յառաջացաւ դէպի մրցակից կազմին բերդը եւ սքանչելի կօլով մը պարտութեան մատնեց բերդապահը, նշանակելով այս մրցաշարքին մէջ իր երրորդ կօլը:

Նաեւ, 49րդ վայրկեանին, Հայաստանի հաւաքականի խմբապետին սքանչելի մէկ փոխանցումով, սպանացի Խուան Մաթթան արդիւնքը վերածեց 3-0ի:

Իբրեւ արդիւնք, Մխիթարեան ընտրուեցաւ այս մրցումին լաւագոյն մարզիկը:

«Մանչեսթըր Իվնինկ Նիուզ»ը, որ նմանապէս Մխիթարեանին շնորհած էր մրցումին լաւագոյն խաղացողի տիտղոսը, անոր խաղարկութեան գնահատական տուած է՝ 10ի վրայ 9 կէտ:

«Մխիթարեանի կօլը արագութեան եւ հաստատակամութեան դրսեւորում էր: Ակնառու էր նաեւ հայ ֆութպոլիստին վարպետօրէն կատարած կօլային փոխանցումը», գրած է թերթին կայքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.