2017-02-07 09:48:00

Կղերիկոսական առաջին չորս աստիճաններու տուչութիւնը Զմմառու մայրավանքին եկեղեցւոյ մէջ


Չկայ աւելի նուիրական զգացում, քան մարդս ինքզինք ընծայաբերէ Տիրոջ հնազանդութեան եւ ծառայութեան ի սպաս:

Այսպէս, Զմմառեան միաբանութեան Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան Դպրեվանքի երեք ժառանգաւորներ՝ եղբ. Կարօ Գլընճեան, եղբ. Վարդան Ճալլուֆ եւ եղբ. Լեւոն Ստեփանը, յետ իրենց ուսմանց, անսալով Տիրոջ կոչին՝ շաբաթ 4 փետրուար 2017-ին, յետմիջօրէի ժամը 7-ին, երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին, Զմմառու մայրավանքի Վերափոխման Ս. Կուսին Եկեղեցւոյ մէջ ընդունեցին կղերիկոսական առաջին չորս աստիճանները: 

Ձեռամբ՝ Գերապայծառ Հայր Գաբրիէլ Թագադիր Ծայրագոյն Վարդապետ Մուրատեանի, Պատրիարքական Փոխանորդ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան, Մեծաւոր Զմմառու Վանքի, եւ Պատրիարքական Փոխանորդ Պէյրութի թեմի, եւ խարտաւիլակութեամբ՝ Գերապատիւ Հայր Բարսեղ Վարդապետ Պաղտասարեանի, Տեսուչ Զմմառու երանելի Իգնատիոս Մալոյեան Դպրեվանքի:
Արդարեւ, ժառանգաւորները, հանրութեան առջեւ, իրենց հաւատոյ դաւանութիւնը յայտարարեցին: Գերապայծառ հայրը խաչաձեւ կտրելէ անոնց մազերը, անոնց յանձնեց եկեղեցւոյ մաքրութեան, դռնապանութեան եւ ընթերցողութեան իշխանութիւնը: Ապա՝ երդմնեցուցիչի ու ջահընկալութեան կարգերը:
Աւարտին, սարկաւագին քարոզին յաջորդեց Գերապայծառ հօր փակման աղօթքը, ապա Տէրունական աղօթքով վերջ գտաւ հոգեպարար արարողութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.