2017-02-06 12:43:00

Ֆրանչիսկսո Պապի 6 փետրուարի քարոզը ՝՝Քրիստոնեան ստրուկ է սիրոյ ոչ պարտականութեան՝՝։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 6 փետրուարին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացին արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ  ընդգծելով , որ Քրիստոնեան  սիրոյ ստրուկն է եւ ոչ թէ պարտականութեան, հրաւիրեց հաւատացեալները չի պահուըտելու պատուիրաններուն խստութեան ներքեւ։

Մեկնաբանելով թիւ 103 սաղմոսը, որ օրհներգութիւն է  արարչին՝ Անոր իրագործած հրաշալիքներուն համար  ,  Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ թէ  Հայրը կը գործէ ստեղծագործութեան հրաշալիքին ի սպաս եւ իր Որդիին հետ միասին  վերաստեղծումի հրաշալիքին ի սպաս։

Աստուած ստեղծեց աշխարհը պարզապէս բաժնեկից դարձնելու համար իր լիութեան,   Ան ուղարկեց  իր Միածին որդին  աշխարհը վերականգնելու համար,  տգեղը գեղեցիկ դարձնելու,  եւ քէշը բարի վերածելու ։ ։

Ասուտուծոյ այս հրաշալիքները,  օրէնսգէտները լաւ չհասկցան ։ Անոնք ուզեցին Յիսուս սպաննել,  որովհետեւ  Աստուծոյ պարգեւները  չընկալեցին որպէս պարգեւ, այլ լոկ՝որպէս արդարադատութիւն։

Օրէնսգէտները, փոխանակ իրենց սրտերը Աստուծոյ պարգեւին բանալու, ծածկուեցան պատուիրաններուն խստութեան ներքեւ, յարեց Սրբազան Քահանայապետը  աւեցնելով թէ պարգեւը կը ստացուի լոկ  ազատութեամբ, եւ օրէնսգէտները կը վախնային Աստուծոյ մեզի շնորհած ազատութենէն,  որովհետեւ անոնք Սէրէն փախուստ կու տային։

Սրբազան Հայրը դարձեալ ակնարկելով վերոյիշեալ օրհներգին, յարեց թէ այդ աղօթքը “Աստուծոյ փառաբանութեան աղօթք մըն է, ուրախութեան աղօթք , քրիստոնեայի կեանքին ուրախութիւն պատճառող աղօթք,  եւ ոչ թէ տխուր անձի  մը աղօթք, որ երբեք չի գիտեր պարգեւ մը ստանալ։ Տխուր քրիստոնեան գիտէ լոկ իր պարտականութիւնը կատարել։ Ան պարտականութեան ստրուկ է  եւ ոչ թէ սիրոյ – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ աւելցուց ՝՝Երբ անձ մը  սիրոյ ստրուկ դառնայ,  ան ինքզինք ազատ կը զգայ։ գեղեցիկ է սիրոյ ստրուկ դառնալ''։

Սրբազան Հայրը ապա նշելով Աստուծոյ երկու հրաշալիքները՝ ստեղծագործութեան հրաշալիքը եւ փրկութեան՝ վերաստեղծումին հրաշալիքը հրաւիրեց  մենք մեզի հարց տալու, թէ ինչպէս կ՝ընկալենք Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը, Փրկագործութիւնը , արդեօք զանոնք կընդունինք որպէս պարգեւ  կամ ալ կը պահուըտինք պատուիրաններու խստութեան ետին, որոնք թէեւ միշտ ապահովութիւն կը ներշնչեն, սակայն  երբեք ուրախութիւն չէն պատճառեր ։

Քարոզի աւարտին Սրբազան Հայրը Աստուծմէ հայցեց  որ մեզի հասկցնէ, թէ Ինք ինչ կը կատարէր մեզ ստեղծելէ առաջ`  կը սիրէր։  Թող հասկցնէ  իր Սէրը մեզի հանդէպ որպէսզի  մենք կարենանք սաղմոսերգուին հետ միասին ըսել ''Դուն այնքան  մեծ ես Տէր''։  








All the contents on this site are copyrighted ©.