2017-02-06 12:28:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Գերմանիոյ Աւետարանական Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւն մը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 6 յունուարի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն տուաւ Գերմանիոյ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Համամիութենական պատուիրակութեան։

Ունկնդրութեան ներկայ եղաւ նաեւ Գերմանիոյ Եպիսկոպոսական Ժողովի Նախագահ, Միւնխէնի արքեպիսկոպոս՝ Կարդինալ Մարքսը։ Սրբազան Քահանայապետը անոր ներկայութիւնը նկատեց պտուղ՝ երկար տարիներու համագործակցութեան եւ համամիութենական յարաբերութիւններու, նկատելով որ բողոքականութեան այս հինգերորդ դարադարձը առիթ մըն է, նորանոր քայլեր կատարելու դէպի յառաջ, առանց զայրոյթով անցեալին նայելու, այլ Քրիստոսի հոգիով լեցուած ներկայ աշխարհի մարդոց ներկայացնելով Աստուծոյ անսահման ողորմածութիւնը, ա´յն ինչ որ ժամանակին Վերանորոգում նպատակն էր։

Սրբազան Պապը գնահատանքով խօսեցաւ Կաթողիկէ եւ Բողոքական եկեղեցիներու միասնական ձեռնարկներու մասին, որոնք կ՛ընդգրկեն միասնական աղօթքներ եւ Աստուածաշունչի քննարկումներ։

Անդրադառնալով անցեալի տխուր հակամարտութիւններուն, ան յիշեց, թէ 2016ի հոկտեմբեր 31ին Շուէտի Լունտ քաղաքին մէջ աղօթած էր եւ ներում խնդրած էր անցեալին կատարուածներուն համար։ Ապա շեշտեց, թէ ապագայի համար կ’ուզէ ամրապնդել միասնական անյետսկոչելի յանձնառութիւնը՝ միասնաբար վկայելու Աւետարանը եւ յառաջանալու ամբողջական միութեան ճամբուն վրայ։

Ֆրանչիսկոս Պապ աննկատ չթողեց այն իրականութիւնը, թէ տակաւին գոյութիւն ունին հաւատքի եւ բարոյականի հարցերու հայող տարակարծութիւններ, որոնք կը մնան մարտահրաւէրներ՝ միութեան ճամբուն վրայ։ Ասոր համար “պէտք է հաւասարակշռուած եւ ջերմ կերպով աղօթենք եւ մեր բոլոր ուժերով ձգտինք նուաճել տակաւին գոյութիւն ունեցող խոչընդոտները - ըսաւ Ան  աւելցնելով թէ հարկ է - ՝ աշխուժացնել աստուածաբանական երկխօսութիւնը, եւ զօրացնել ժիր համագործակցութիւնը՝ յատկապէս ծառայելով տառապողներուն եւ հոգ տանելով սպառնալիքի տակ գտնուող արարչութեան։”

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը խօսքը փակեց ըսելով՝ “Յոյսով, որ այս հանդիպումը եւ հաղորդումը պիտի շարունակէ մեզ զօրացնել, կ’աղօթեմ որ Սուրբ Հոգին՝ ստեղծող միութեան եւ նորոգիչ, ձեզ զօրացնէ ձեր միասնական ճամբուն վրայ՝ աստուածապարգեւ մխիթարութեամբ (հմմտ. Բ. Կոր Ա. 4)։ Ամբողջ սրտով կը խնդրեմ Աստուծոյ օրհնութիւնը ձեր եւ ձեր հասարակութիւններուն վրայ եւ կը խնդրեմ ձեզմէ, որ ձեր աղօթքին մէջ յիշէք նաեւ զիս։”








All the contents on this site are copyrighted ©.