2017-02-06 10:14:00

Ռումանիոյ կառավարութիւնը կը ջնջէ փտածութեան վերաբերեալ հրամանագիրը


Ռումանիոյ կառավարութիւնը ջնջեց վիճելի հրամանագիր մը, որ բազմաթիւ քաղաքագէտներ կը պաշտպանէր փտածութեան համար դատական հետապնդումներէ:

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ օրերէ ի վեր շարունակուող բազմամարդ ցոյցերէ ետք, կառավարութիւնը երէկ այս հարցով գումարած է արտակարգ ժողով մը:

Երկրի վարչապետ Սորին Կրինտինու շաբաթ օր յայտնած էր. «Չեմ ուզեր Ռումանիան պառակտել»: Ցուցարարներ խոստացած էին նախարարաց խորհուրդին վրայ ճնշումը շարունակել` պահանջելով կառավարութեան հրաժարականը: Ցոյցերը 1989-ին համայնավարութեան անկումէն ի վեր երկրին մէջ մեծագոյնն էին:

Հրամանագիրը որդեգրուած էր անցեալ երեքշաբթի օր եւ ուժի մէջ պիտի մտնէր 10 փետրուարին:

Ընկերվար-ժողովրդավար կուսակցութեան անդամ վարչապետ Կրինտինու կառավարութեան երէկուան արտակարգ ժողովէն առաջ յայտնեց, որ բազմաթիւ  կարծիքներ «լսած ու տեսած» է, ներառեալ «փողոցի ձայնը»: Սակայն ծրագիրի չեղեալ նկատուելուն յայտարարութեան մամլոյ ասուլիսը ջնջուեցաւ: Աղբիւրներ կը յայտնեն, որ պաշտօնական յայտարարութիւն մը պիտի հրապարակուի շուտով:

Ըստ հրամանագիրին, 44 հազար եւրոյէն նուազ (47.500 տոլար) գումարներու առնչուող իշխանութեան չարաշահման յանցանքները կ՛ապաքրէականացուին: Այդ հրամանագիրէն անմիջական օգտուողներէն մէկը պիտի ըլլար Ընկերվար-ժողովրդավար կուսակցութեան ղեկավար Լիվիու Տրակնին, որ 24 հազար եւրոյի իւրացման յանցանքով ամբաստանուած է:

Կառավարութիւնը նախապէս նշած էր, որ որոշումը բանտերու գերխճողումը նուազեցնելու եւ կարգ մը օրէնքներ սահմանադրութեան համահունչ դարձնելու համար է: Սակայն քննադատները զայն նկատեցին Ընկերվար-ժողովրդավար կուսակցութեան համար փտածութեամբ ամբաստանուած կամ դատապարտուած պաշտօնատարներու ազատ արձակման նպատակի իրագործման միջոց մը:








All the contents on this site are copyrighted ©.