Ֆրանսայի ծայրայեղ աջակողմեան Ազգային ճակատ կուսակցութեան ղեկավար Մարին Լը Փեն երէկ Լիոնի մէջ յայտարարեց իր ընտրական ծրագիրը: Ան իր խօսքին մէջ քննադատեց թէ՛ «տնտեսական եւ ելեւմտական համաշխարհայնացումը», թէ՛ ալ «մեր հողերուն վրայ արմատ նետող ժիհատական համաշխարհայնացումը»:
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ անոր կուսակցութիւնը կը խոստանայ Ֆրանսայի` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ հանրաքուէ կատարել: Կուսակցութեան ընտրական ծրագիրը կը խոստանայ Պրիւքսէլէն վերատիրանալ լիազօրութիւններու, գաղթականներու ներհոսքը նուազեցնել, Ֆրանսան հեռացնել եւրոյէն եւ ֆրանսական ընկերութիւնները պաշտպանել «անարդար օտար մրցակցութենէն»:
Նշենք, որ Ֆրանսայի մէջ նախագահական ընտրութիւնը նախատեսուած է 23 ապրիլին:
All the contents on this site are copyrighted ©. |