2017-02-06 10:30:00

ԱՄՆ Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցները պիտի վերցնեն միայն Խրիմը Ուքրանիոյ վերադարձնելու պարագային


Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Ռուսիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները պիտի վերցուին այն ժամանակ միայն, երբ Խրիմը վերադարձուի Ուքրանիոյ:

ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպան Նիքի Հէյլի իր կարգին Ապահովութեան խորհուրդի նիստի ընթացքին յայտարարեց, որ Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցները պիտի չվերցուին, «մինչեւ որ Ռուսիան Խրիմի թերակղզիին վրայ Ուքրանիոյ վերահսկողութիւնը չվերականգնէ»:

Իր հաւատարմագիրները անցեալ շաբաթ ներկայացուցած ամերիկացի դեսպանը նշեց, որ ինք ցաւ կը զգայ, որ Ապահովութեան խորհուրդին առջեւ իր առաջին յայտարարութիւնը «Ռուսիոյ թշնամական արարքներու դատապարտում է»:

ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Վիթալի Չուրքին իր կարգին յայտնեց, որ Քիեւ միջին լուծում մը գտնելու եւ շրջանին մէջ կացութիւնը բնականոնացնելու փոխարէն կը փորձէ արեւելեան Ուքրանիոյ հարցը լուծել զինուորական միջոցներով:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա  նշեց. «Քիեւ կը խօսի իր զինեալ ուժերուն արձանագրած յաջողութիւններուն մասին, եւ ատիկա կը նկատենք մագլցումի հեղինակը ըլլալուն մասին խոստովանութիւն մը»: Ան միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց տեսնելու գետնի վրայ կատարուածը, «եւ անոնք պատասխանատու են Ուքրանիոյ մէջ կատարուողին»:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ պատժամիջոցներու մեղմացման որոշումներ չէ տուած` ներառելով Ռուսիոյ պարագան:

Ան «Հարլի Տէյվիտսըն» ընկերութեան ներկայացուցիչներուն հետ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին, պատասխանելով Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու մեղմացման վերաբերեալ լրագրողներու հարցումներուն, յայտնած է. «Ես ոչինչ մեղմացուցած եմ»:

Նախապէս Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան պատժամիջոցներու ստորաբաժանումը հրապարակած էր «Գլխաւոր արտօնագիր թիւ 1» խորագիրով փաստաթուղթ մը, որ կը վկայէ, թէ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները փոխած են պատժամիջոցներու դրութիւնը Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան նկատմամբ:

Սպիտակ տան մամլոյ բանբեր Շոն Սփայսըր յայտնած է, որ խօսքը կը վերաբերի արդէն գործող սահմանափակումներու գործողութեան ճշդման: «Ատիկա բնական գործելաոճ է` ճշդել որոշակի մարզերու մէջ պատժամիջոցներու գործողութիւնը այն բանէն ետք, երբ անոնք նախապէս սահմանուած են», բացատրած է ան:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.