2017-02-04 13:05:00

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ ''Տնտեսութիւն եւ Հաղորդութիւն'' Ֆոքոլարիներու պատուիրակութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ հանդիպելով Ֆոքոլարի շարժումի հազարէ աւելի բաղկացած մէկ պատուիրակութեան հետ  գնահատանքով խօսեցաւ անոնց  տարած աշխատանքին մասին որ կը միտի միացնել տնտեսութեան եւ հաղորդութեան իրականութիւնները։

Ներկայի մշակոյթը այս երկուքը ստէպ իրարմէ կը բաժնէ եւ կամ զանոնք իրարու հակոտնեայ կը նկատէ, ըսաւ Սրբազան Հայրը, եւ յիշեց Ֆոքոլարի շարժումի հիմնադիր Քիարա Լուպիքի այցը Պրազիլի Սաօ Փաուլօ քաղաքին, ուր հիմնադրուին կոչ ուղղած էր գործատէրերուն, որ ըլլան հաղորդութեան գործարարներ։

Ֆոքոլարի շարժումի անդամները գործնականօրէն կը ձգտին իրականացնելու այս առաջարկը, տնտեսութեան մէջ զետեղելով հաղորդութեան կամ մարդկային յարաբերութիւններու սերմերը։ Ձեռնարկութիւնները կրնան եւ պէտք է կառուցեն եւ յառաջ տանին հաղորդական յարաբերութիւնները - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ - երեք կէտերու մէջ ներկայացնելով իր պատգամը։ Առաջին կէտին մէջ խօսեցաւ դրամի մասին, նկատելով, թէ տնտեսութիւնը հաղորդութիւն է, նաեւ շահերու հաղորդութիւն, կեանքի հաղորդութեան արտայայտութիւն։ Շատ անգամ դրամի մասին կը խօսուի ներկայացնելով զայն իբր չաստուած։ Ասոր համար զարմանալի չէ, որ Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ Յիսուսի առաջին արարքն է վաճառականներու տաճարէն դուրս վտարումը (հմմտ Յովհ Բ. 13-21)։ Դրամը կարեւոր է, երբ կը ծառայէ նպատակի մը, ինչպէս՝ կերակուր հայթայթելու, դպրոցական թոշակ վճարելու եւ զաւակներու ապագան ապահովելու համար։ Սակայն ան կը վերածուի չաստուածութեան երբ կը դառնայ ինքնանպատակ։ Որպէս զի դրամը չաստուածութեան չվերածուի, լաւագոյն ճամբան է զայն բաժնեկցիլ ուրիշներու հետ, մասնաւորապէս աղքատներուն հետ, զայն գործածել՝ երիտասարդներուն կարելի դարձնելու համար ուսում եւ աշխատանք։

Երկրորդ խնդիրը, որ Սրբազան Պապը շօշափեց, աղքատութիւնն է, որ Ֆոքոլարի շարժումին կենդրոնական նիւթերէն մին է։ Արդէն Սուրբ Գիրքը կարեւոր կը նկատէր օգնել աղքատներուն, այրիներուն եւ որբերուն։ Մարդկութիւնը ներկայիս շատ աւելի լաւ կազմակերպուած է եւ լաւագոյն միջոցներով օժտուած՝ օգնութիւն ընձեռելու կարիքաւորներուն։ Սրբազան Հայրը իբր օրինակ բերաւ տուրքերու դրութիւնը, որ զօրակցութեան կերպ մըն է։ Տուրքերէն փախուստ տալը ան նկատեց ոչ միայն ապօրէն արարք այլ ընդգծեց, թէ այդ ժխտումն է կեանքի առաջնահերթ օրէնքներէն մէկուն, որ փոխադարձ օգնութիւնն է։

Սրբազան Հայրը քննադատեց դրամատիրական համակարգը։ Դրամատիրական դրութիւնը աշխարհի վրայ կը շարունակէ թափօնի արտադրանքը, ապա փափաքելով դարման գտնել այդ երեւոյթին, զայն ծածկելու նպատակով։ Այս կեցուածը դրամատիրութեան բարոյական հիմնական խնդիրն է։ Ընկերութիւնը կարծես բախտախաղ մըն է որ կը կատարէ, ինչպէս զ.օ. զէնքի արտադրութեան ձեռնարկութիւնները հիւանդանոցներ կը կառուցանեն, որպէսզի այնտեղ բուժուին իրենց ռումբերէն վնասուած մանուկները։ Եթէ հաղորդունակ տնտեսութիւնը կʼուզէ հաւատարիմ ըլլալ իր շնորհապարգեւին, պէտք չէ միայն դարմանէ զոհերը, այլ կառուցէ համակարգ մը, ուր զոհերու թիւը միշտ նուազի, ուր անոնց թիւը ընդհանրապէս անհետանայ։ Պէտք է նպատակդրենք փոխել տնտեսական-ընկերային համակարգի խաղի օրէնքները. բաւարար չէ նմանիլ Աւետարանի բարի սամարացիին։ Պէտք է գործել նախքան որ մարդը իյնայ աւազակներու ձեռքը՝ պայքարելով մեղքի կառոյցներուն դէմ, որոնք յառաջ կը բերեն աւազակներ եւ զոհեր։

Պատգամի երրորդ մասին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսեցաւ ապագայի մասին։ Յիշեց Ֆոքոլարի շարժումին 25-ամեայ պատմութիւնը, ուր անոնք հաւաստած էին, թէ գործառնութիւն եւ մարդկային հաղորդութիւնը կրնան միասին ընթանալ։ Բազմաթիւ անձերու կարիք չկայ՝ փոխելու մեր կեանքը, ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով, թէ բաւ է, որ աղը եւ թթխմորը չփոխեն իրենց բնութիւնը. հարկաւոր է պահել «գործօն սկզբունքը». աղին քանակը չէ հարկաւոր, այլ անոր «հոգին» անոր «գործօն» որակը։ Չկորսնցնելու համար սկզբունքը, պահելու համար թթխմորը, պէտք է բաժնեկցիլ զայն։ Հաղորդութիւնը սակայն միայն բաժնեկցիլ չէ, այլ նաեւ բազմացում եւ յառաջդիմութիւն, ինչպէս է թթխմորի պարագան։ Հաղորդակցաբար կիրարկուած տնտեսութիւնը ապագայ պիտի ունենայ եթէ բոլորին բաժին հանուի եւ չմնայ փակուած մէկ վայրի մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապը յիշեցուց ներկաներուն, թէ այսօրուան տնտեսութիւնը, աղքատները եւ երիտասարդները նախ կարիքն ունին անոնց հոգիներուն, անոնց յարգալիր եւ խոնարհ եղբայրութեան։ Դրամատիրական համակարգը կը ճանչնայ մարդասիրութիւնը, սակայն ոչ հաղորդութիւնը կամ մասնակցութեան ոգին։ Դիւրին է քիչ մը բաժին հանել ուրիշին համար, սակայն աւետարանը կը պահանջէ ամբողջանուէր ոգի։

Խօսքի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը մաղթեց, որ ներկաները շարունակեն իրենց ճամբան՝ քաջութեամբ, խոնարհութեամբ եւ ուրախութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.