2017-02-04 11:08:00

Վանականութիւն (ԻԴ)


Հայ եկեղեցւոյ վանականութեան համար մեծ դեր ունեցած է Սուրբ Ներսէս Լամբրոնացի։ Հ. Համազասպ Ոսկեան, Կիլիկիոյ վանքերուն նուիրուած հատորին մէջ կը գրէ՝ “Իսկ ինքը, Ներսէս, թէեւ պատիւէ ու փառքէ միշտ խուսափող, սակայն համակերպելով բարձրագոյն ճոխութիւններու հովուական գաւազանը ձեռք առնելէ յետոյ՝ կը բարեկարգէ իր հօրմէ իրեն աւանդուած սուրբ ուխտը՝ Սկեւռա։ Ան կը պայծառացնէ այդ աստուածաշէն միաբանութիւնը։

Ինչպէս ամէնուրեք հարկաւ նախ Սկեւռայի մէջ Ներսէս Լամբրոնացի վայելուչ կերպով կ’ուսուցանէ կրօնաւորները, սահմանադրուած կրօնաւորութեան օրհնութեամբ՝ սքեմով եւ կնգուղով եւ պարկեշտութեամբ կերակուրներու մէջ, եւ կանոնաւոր բարեձեւութեամբ, առնելով հայրերու օրինակը։ Ան թարգմանեց սուրբ Հայրերու վարքերը եւ սուրբ Բենետիկտոսի կանոնական սահմանադրութիւնը։”

Ս. Բենեդիկտոս Նուրսիացի ծնած է 480 թուականին եւ մահացած 547ին։ Եղած է հարուստ ընտանիքի զաւակ։ Տեսնելէ ետք Հռոմ քաղաքի զեխութիւնը, քաշուած է լեռները ուրիշ ճգնաւորներու հետ եւ ապա Սուպիաքոյի քարայրին մէջ ապրած է երեք տարի իբր միայնակեաց։ Այդ շրջանին մէջ հիմնած է փոքր վանքեր։ 529ին հիմնած է Մոնթե Քասսինոյի վանքը։ Սոյն տարին յօրինած է կանոնադրութիւն մը վանականներու համար, որ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ ներշնչած է ուրիշ շատեր։ Իր կարգին, Ս. Բենեդիկտոս ազդեցութիւնը կրած է Պաքոմիոսի, Ս. Բարսեղի, Յովհաննէս Կասսիանոսի եւ Ս. Օգոստինոսի աւանդութիւններուն եւ կանոններուն։ Մահացած է 547ին Մոնթե Քասսինոյի վանքին մէջ, Աւագ Հինգշաբթի օրով։

Բենեդիկտոսի կանոններուն մէջ կը շեշտուի հրաժարում ինչքերէ, լռակեաց կեանք, խոնարհութիւն, ողջախոհութիւն եւ հնազանդութիւն։ Կարեւոր կը նկատուի վանահօր դերը եւ կրօնաւորներու հաստատուն կեցութիւնը։

Բենեդիկտեան միաբանները կ’ապրին կուսակրօն կեանք, ունին հաստատուն ժամեր աղօթքի, Սուրբ Գրքի ընթերցումի, աշխատանքի եւ քնանալու։ Անոնց կարգախօսն է “Ora et labora” – աղօթէ եւ աշխատէ։

Խօսելով Ներսէս Լամբրոնացիի մասին, նաեւ Կիրակոս Գանձակեցի կը հաւաստէ. “Ներսէս շինեց հրաշազան եկեղեցին, որ կը կոչուի Սկեւռա։ Հոն կարգաւորեց վանական պաշտօնը, այլ ազգերու օրինակով, սարկաւագով եւ դպիրով եւ անծածկոյթ գլխով, որ հայերէն շատեր կը դսրովեն։”

Հ. Ոսկեան կը շարունակէ՝ “Ներսէս իբրեւ արթուն հովիւ՝ նախանձախնդիր է որ վանքի միաբանները իրենց քահանայական ու կրօնաւորական պարտքերու մէջ հաւատարիմ ըլլան։ Ներկայացող պարագաներու համեմատ գիտէ զանոնք խրատել, յանդիմանել, քաջալերել եւ առաջնորդել։ Դարձեալ ջանադիր է որ անոնք գրչի ու գիտութեան ծառայեն։ Եւ ահա անոր առաջնորդութեան շրջանին՝ Գէորգ վարդապետ կը հաւաքէ ու կը յօրինէ Վարք Հարանց, ծերունին Սամուէլ կ’արտագրէ Սաղմոսաց մեկնութիւնը, եւ Կոստանդին՝ Աւետարան մը։ Իսկ ինքը անոնց օրինակ կ’ըլլայ կանոններու խիստ պահպանութեամբ, անմրցելի ընթերցասիրութեամբ ու խոկումով եւ արտադրութեամբ Առակաց մեկնութեան։

Լամբրոնի բերդի սեպհականատէրերու առատաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ ու Սկեւռա վանքի առաջնորդներու բարւոք ղեկավարութեամբ եւ ուսումնասիրութեամբ, այս մեծ վանքը քանի մը դար կեանք կ’ունենայ եւ ազգին կու տայ հայրապետներ, մատենագիրներ, նկարիչներ ու գրիչներ։”








All the contents on this site are copyrighted ©.