2017-02-04 09:32:00

Թուրքիոյ Հայ համայնքը չ՝ուզեր Հայոց Պատրիարքի ընտրութիւնները Էրտողանի հայեցողութեան ձգել


Թուրքիոյ հայ համայնքը վրդովուած է, որ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը Հայոց պատրիարքի ընտրութիւնը կապած է սահամանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէին հետ: Վերջերս հայկական Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հիմնադրամի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուն հանդիպած էր Էրտողանի հետ: Հանդիպման ժամանակ քննարկուած է նաեւ հայոց պատրիարքի ընտրութեան հարցը: Էրտողանը յայտնած էր, որ պատրիարքի եւ համայնքի հիմնադրամներու ընտրութիւններով պիտի զբաղին հանրաքուէն աւարտելէն ետք:

Հայկական «Ակօս» շաբաթաթերթը արձագանգած է այդ յայտարարութեան` դժգոհելով որ բաւական չէ հայկական համայնքին անորոշ ժամանակ կը պարտարդրեն, հիմա ալ հարցը ամբողջութեամբ կը ձգեն  Էրտողանի հայեցողութեան:

Համայնքի ներկայացուցիչներէն Թադէոս Պեպեքը՝ դժգոհելով Շիրինօղլուի եւ Էրտողանի հանդիպումէն, նշած է,- «Մինչ կը սպասէինք, որ Սթամպուլի նահանգապետարանէն հանդիպման հրաւէր պիտի գայ ընտրութեան իրականացման դիմումը ներկայցնելու համար, ի յայտ եկաւ հանրաքուէն: Անընդհատ պատուրակներ կու տան, եւ ընտրութիւնները ոչ մէկ կերպ կ՝իրականացուին: Դեռ աւելին, հիմա ալ գործընթացի մէջ ներգրաւուեցաւ նախագահը: Հարցը շեղելու համար եւս մէկ հիանալի պատրուակ»:

Յիշեցնենք, որ օրերս համայանքի ներկայացուցիչներէն Պետրոս Շիրինօղլուն հանդիպած էր նախագահ Էրտողանի հետ: Հանդիպումը տեղի ունեցած էր պոլսահայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի խորհրդարանին մէջ յայտնի ելոյթէն ետք, երբ վերջինս՝ Հայոց Ցեղասպանութիւն արտայայտութեան համար պատժել էին`  հեռացնելով խորհրդարանի 3 նիստէ: Շիրինօղլուն Էրտողանին յայտնած էր, թէ հայ համայնքի 99 տոկոսը չի կիսեր Փայլանի տեսակէտները: Իսկ պատրիարքի ընտրութեան հարցի քննարկման ժամանակ՝ Էրտողանը ըսած էր, որ ընտրութիւններու ուշացումը հայ համայանքին թերացումն է: Ան նաեւ նշած էր, որ ընտրութիւններով պիտի հետաքրքրուին հանրաքուէէն ետք, որ կը նախատեսուի իրականացնել Ապրիլին








All the contents on this site are copyrighted ©.