2017-02-04 09:31:00

Եւրոխորհուրդին կոչ կ՛ուղղուի հետաքննելու Ատրպէյճանի կաշառակերութեան մասին մեղադրանքները


Եւրոխորհրդարանի խորհրդարանական վեհաժողովի հոլանտացի պատգամաւոր Փիթըր Օմցիխթը (Pieter Omtzigt) սկսած է նախաձեռնութեան մը, որուն նպատակն է մանրամասն եւ անաչառօրէն ուսումնասիրել ԵԽԽՎ-ի մէջ­ վերջերս բարձրացուած խախտումներուն կամ կաշառակերութեան վերաբերեալ: ԵԽԽՎ պատգամաւորին ներկայացուցած առաջարկը մասնաւորապէս կը վերաբերի 2013 թուականին Ատրպէյճանի քաղբանտարկեալներու հարցով ԵԽԽՎ-ի մէջ­ իրականացուած քուէարկութեան շուրջ յառաջացած քննարկումներուն: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-­ը, այս մասին կը տեղեկացնէ բրիտանական The Guardian պարբերականը:

«Մենք կը տեսնենք Ատրպէյճանի շուրջ գործընթացներու եւ քուէարկութեան շատ կասկածելի արդիւնքներ»,- ըսած է Օմցիխթը, որ իր ներկայացուցած բանաձեւով կոչ կ՛ուղղէ անյապաղ հետաքննութեան սկսելու` համաձայն ԵԽԽՎ կանոնադրութեան:

Երբ յայտնի դարձաւ, որ ԵԽԽՎ իտալացի պատգամաւոր Լուքայ Վոլոնթէն Պաքուէն առած գումարներուն դիմաց ատրպէյճանամէտ գործունէութիւն կը ծաւալէ կառոյցին մէջ, ԵԽԽՎ շատ խորհրդարանականներ սկսան պնդելու, որ այս հարցի առնչութեամբ անկախ հետաքննութեան բացակայութիւնը կը կոտրէ վստահութիւնը կառոյցին նկատմամբ:

 «Վստահելի չէ, երբ դուն միւս երկիրներուն կոչ կ՛ընես ըլլալ  բաց եւ թափանցիկ, մինչդեռ դուն չես հետաքններ քուէներու կեղծման մասին արժանահաւատ տեղեկութիւնները»,-­ նշած է Օմցիխթը: Անոր ներկայացուցած բանաձեւը ստորագրած է ԵԽԽՎ 324 խորհրդարանականներուն 1/5-­ը:

Եւրոպական կայունութիւն նախաձեռնութեան (European Stability Initiative) ղեկավար Ճերալտ Քնաուսը նշած է, որ դեռ տարիներ առաջ հարցեր յառաջացած էին ԵԽԽՎ զեկուցողներուն կողմէ ներկայացնել Ատրպէյճանի վարդագոյն կերպարը: «2010, 2013 եւ 2015 թուականներուն մենք Եւրոպայի խորհուրդէն ընտրութիւններու դիտորդներ ունէինք Ատրպէյճանի մէջ: Ամէն անգամ այդ ընտրուած խորհրդարանականները կու գային ու կ՛ըսէին, որ արեւը կը շողայ, մինչդեռ միւս բոլորը կ՛ըսէին՝ կ՛անձրեւէ: Ամէն անգամ անոնք կը յայտարարէին, որ ընտրութիւնները ազատ էին ու արդար, մինչ ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ երկարաժամկէտ դիտորդները կը մատնանշէին լուրջ խնդիրներ»,- կը­ նշէ Քնաուսը:

Ան կը փաստէ, որ ԵԽԽՎ առաջնորդները մշտապէս զարմանալի անտարբերութիւն ցուցաբերած են այս խնդիրներուն նկատմամբ` ընդգծելով, որ եթէ Եւրոպան ձախողի սկզբունքները պաշտպանելու հարցով, ապա ինչ յոյս կայ, որ ատոնք կը պաշտպանուին աշխարհի որեւէ այլ վայրի մէջ:

ԵԽԽՎ ղեկավար Փետրօ Ակրամունթը, որ սկզբնական շրջանին կը դիմադրէր անկախ հետաքննութեան, զայն անուանելով «քաղաքական հակառակորդները վարկաբեկելու արշաւ», ի վերջոյ համաձայնած է եւ արտայայտուած հետաքննութեան օգտին` տասնեակ երկիրներէ, որոնց մէջ Զուիցերիայէն, Պելճիքայէն, Պալթեան եւ հիւսիսային երկիրներէն ստացած բողոքներէն ետք: Քնաուսը յայտնած է, որ ներկայիս հիմնական հարցը կը վերաբերի հետաքննութեան շրջանակին, որ պիտի ներկայացուի Ակրամունթին Մարտի սկիզբը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.