2017-02-03 08:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ''Անձինք Նուիրեալներու'' պատարագին քարոզը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, Տեառնընդառաջի տօնին եւ անձինք նուիրեալներու 21-րդ օրուան առթիւ, Հինգշաբթի 2 փետրուար 2017-ի յետմիջօրէին, Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ գլխաւորեց սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ նախ անդրադարձաւ Տեառնընդառաջի տօնին եւ յիշեցուց Յիսուսի տաճար ընծայման դրուագը։

Ղուկաս Աւետարանիչ կը պատմէ, թէ ինչպէս երբ Մարիամ եւ Յովսէփ Յիսուսը տաճար կը տանին, այնտեղ կը հանդիպին Սիմէոն ծերունիին։ Սիմէոն, «կʼառաջնորդուի Սուրբ Հոգիէն» եւ մանուկը իր բազուկներուն մէջ առնելով օրհնութիւն եւ փառաբանութիւն կը բարձրացնէ երգելով՝ «Որովհետեւ աչքերս տեսան Փրկիչը, որ ուղարկեցիր բոլոր ժողովուրդներուն, որպէս լոյս՝ լուսաւորելու հեթանոսները եւ ըլլալու փառը իսրայէլի՝ քու ժողովուրդիդ (Ղուկ Բ. 30-32)։»

Սրբազան Հայրը նկատեց, թէ Սիմէոնի երգը հաւատացեալ մարդու երգն է, որ իր կեանքի վերջը հասած՝ կրնայ հաստատել, թէ Աստուծոյ յուսալը մեզ «երբեք ամօթով չի ձգեր», ինչպէս կʼըսէ Պօղոս առաքեալ Հռոմայեցիներու ուղղուած նամակին մէջ՝ «Նեղութիւնները մեզի կու տան համբերութիւն, համբերութիւնը՝ տոկունութիւն, տոկունութիւնը՝ յոյս, իսկ յոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը որ մեզի տրուած է Սուրբ Հոգիի միջոցաւ տեղ գտած է մեր սրտերուն մէջ (Հռոմ Ե. 3-5)։»

Յիսուսի տաճար ընծայման ժամանակ Սիմէոն ծերունին եւ Աննա մարգարէուհին, յառաջացած տարիքով, կը վկայեն, թէ կʼարժէ ապրիլ յոյսով, որովհետեւ Տէրը հաւատարիմ է իր խոստումին։ Աւելի ուշ Յիսուս ինք ժողովարանին մէջ կը քարոզէր. «Տիրոջ Հոգին իմ վրաս է. անոր համար ալ ան օծեց զիս եւ ուղարկեց՝ աղքատներու աւետարան քարոզելու, սրտաբեկները բժշկելու, գերիներու ազատութիւն հռչակելու, կոյրերու աչքը բանալու, հարստահարուածները ազատ արձակելու, Տիրոջ շնորհաբեր տարին քարոզելու (Ղուկ Դ. 18-19)։»

Յոյսի երգը ժառանգած ենք մեր հայրերէն, եւ մենք ալ այսօր կրնանք երգել նոյն ապահովութեամբ՝ թէ Աստուած հաւատարիմ է իր խոստումին, Ան չի խաբեր մեզ։ Ֆրանչիսկոս Պապ, անդրադառնալով Սիմէոն ծերունիի երազին եւ մարգարէութեան, յիշեց Յովել մարգարէին խօսքը, որ կը գրէր՝ «Իմ Հոգիէս պիտի թափեմ բոլոր մարմնաւոր էակներուն վրայ, ձեր որդիներն ու դուստրները պիտի մարգարէանան, ձեր ծերերը երազներ պիտի տեսնեն եւ ձեր երիտասարդները տեսիլքներ պիտի ունենան։ Այդ օրերուն իմ Հոգիէս պիտի թափեմ ծառաներուս եւ աղախիններուս վրայ եւ պիտի մարգարէանան (Յով Բ. 28-29)։»

Մարգարէն կը խօսի երազներու եւ տեսիլքներու մասին. լաւ կʼըլլայ, որ այսօր մենք ալ ընկալենք մեր հայրերու երազանքները եւ մարգարէանանք։ Երազանք եւ մարգարէութիւն միասին կʼընթանան, ըսաւ Սրբազան Պապը։ Պէտք է մենք յառաջ տանինք մեր հայրերու եւ մայրերու երազանքը։ Այս կեցուածքը կարեւոր է նաեւ կրօնաւորական կեանքի մէջ, չըլլալու համար ամուլ. որովհետեւ, պարզապէս գոյատեւելու փորձութիւնը մեզ ամուլ կը դարձնէ։ Սա չարիք մըն է որ հետզհետէ կը հաստատուի մեր եւ մեր հասարակութիւններուն մէջ։ Գոյատեւելու կեցուածքը մեզ կʼընէ յետադիմական, վախկոտ եւ մեզ կը մղէ փակուելու մեր տուներուն մէջ, եւ մնալու կաղապարի մէջ։

Գոյատեւելու փորձութիւնը մեզի մոռնալ կու տայ շնորհքը, մեզ կը վերածէ պարզապէս արուեստաւորներու եւ ոչ թէ յոյսի հայրերու, մայրերու կամ եղբայրներու, մինչ մենք կոչուած ենք յոյսի մարգարէներ ըլլալու։ Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ նաեւ ներկայի բազմամշակոյթ փոփոխութիւններուն։ Կարեւոր է, որ կրօնաւորական կեանքի նուիրեալները, Յիսուսի հետ միասին, ներկայ ըլլան այս փոփոխութիւններու կեանքին եւ սրտին մէջ. որովհետեւ անոնք կոչումն ունին ըլլալու թթխմոր աշխարհի մէջ՝ իւրաքանչիւրը ըստ ուրոյն շնորհապարգեւին։

Կարեւոր է, որ այդ նուիրեալները, Յիսուսի հետ միասին, ներկայ ըլլան Անոր ժողովուրդին մէջ՝ ո՛չ իբր հաւատքի գործարարներ, այլ իբր այր մարդիկ եւ կիներ, որոնք յարատեւօրէն ներում կʼընդունին, եւ օծուած են մկրտութեան խորհուրդով։ Անոնք պէտք է այդ օծումը եւ Աստուծոյ մխիթարութիւնը բաժնեկցին ուրիշներու հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.