2017-02-03 13:55:00

Քահանայապետին պատգամը ուղղուած Պոկոթայի խաղաղութեան նոպելի վեհաժողովին` Կամուրջներ կառուցել։


(Ռատիօ Վատիկան) Քոլոմպիայի մէջ իրականացուած ջանքերը խաղաղութեան եւ հաշտութեան կամուրջներ  կառուցանելու  համար,  կարող են ներշնջել բոլոր հասարակութիւնները յաղթահարելու համար բաժանումներն ու թշնամութիւնները՝՝ Այս խօսքերը պարունակուած են Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Քոլոմպիայի մէջ համախմբուած ՝՝Խաղաղութեան Նոպելի վեհաժողովին՝՝ մասնակիցներուն,  որուն բնաբանն է ՝՝Խաղաղութիւն ու Հաշտութիւն՝՝։.

Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող­  Սրբազան Քահանայապետին պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ  կը քաջալերէ,  բոլոր այն ջանքերը,  որոնք կը սատարեն մարդոց միջեւ երկխօսութեան եւ իրարու ճանաչողութեան։  Նորին Սրբութիւնը ապա աղօթք կը բարձրացնէ,  որպէսզի բռնութեան վերացումը դառնայ մեր որոշումներուն, մեր յարաբերութիւններուն, մեր ներգործութիւններուն ու քաղաքականութեան իւրայատուկ ոճ։








All the contents on this site are copyrighted ©.