2017-02-02 08:26:00

Մարոնի Եպիսկոպոսներու խորհուրդի կոչը ի սպաս ընտրական պատշաճ օրէնքի։


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը չորեքշաբթի Փետրուար մէկին  Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ խորհուրդը ողջունեց խորհրդարանին կողմէ օրէնսդրական աշխատանքի վերսկսումը` գնահատելով ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու առումով գոյացած համաձայնութիւնը:

Խորհուրդը կոչ ուղղեց մշակելու սահմանադրութեան եւ Ազգային ուխտին վրայ հիմնուած ընտրական օրէնք մը, որ բոլոր համայնքներուն պարագային կարենայ ապահովել ճշգրիտ եւ արդար ներկայացուցչութիւն:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը շեշտեց, որ ատիկա պիտի ըլլայ ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու եւ սահմանադրական ժամկէտները յարգելու ողջունելի քայլ մը:

Մարոնի եպիսկոպոսները շեշտեցին Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական կայունութեան պահպանումին անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ ողջունեցին լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը` անոնց իրականացուցած ապահովական նուաճումներուն համար, յատկապէս ահաբեկչութեան դէմ անոնց մղած պայքարին համար:

Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆը, որուն հետ հանդիպումին ընթացքին դրուատեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն ապահովական իրագործումները, ինչպէս նաեւ լիբանանցի քաղաքացիներուն անվտանգութեան ապահովումը:

Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ Աստուած բոլոր զինուորները պահպանէ` յոյս յայտնելով, որ առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարը ուրախ աւարտ մը ունենայ:

Քաղոուած ''Ազդակ''-էն








All the contents on this site are copyrighted ©.