Նախ Քեզի՛, Յետոյ՝ Ինծի
Նմանին հանդէպ սիրոյ ու գուրգուրանքի, հոգածութեան ու խնամքի բացառիկ արտայայտութիւն է՝ նախ նկատի ունենալ այդ ուրիշը, եւ յետոյ՝ մեր անձը: Առաջին իսկ ակնարկով, թէպէտ դրական, սակայն՝ անիրականանալի կը թուի նման մօտեցում, երբ մեզի համար պատրաստուածը ուզենք յանձնել ուրիշին, սպասելու այն յաջորդին, որ կրնայ նաեւ իրականութիւն չդառնալ մեր ձեռքերուն մէջ: Մեզի համար պատրաստուածէն, երբ մանաւանդ մեր ձեռքով պատրաստուած է, շատ դժուար է հրաժարիլ, որովհետեւ այն ժամանակը, յոգնութիւնն ու ճիգը, զորս յատկացուցեր ենք, մեզ առաւել եւս կը կապէ ատոր եւ կը դժուարանանք ուրիշին տալ զայն:
Արուեստներու պարագային, երբեմն ի յայտ կու գայ անձնասիրութեան տեսակ մը, երբ արուեստագէտը իր նկարած նկարէն կամ քանդակած արձանէն, եւ կամ՝ կիրառական արուեստի գեղեցիկ ստեղծագործութենէ մը չի՛ կրնար բաժնուիլ եւ վաճառքի չի՛ դներ զայն: Հանդիպած էք, հաւանաբար, որ ցուցադրութեան դրած իր պաստառներէն կամ քանդակներէն ոմանց տակ, արուեստագէտը գրած ըլլայ՝ «ծախու չէ՛»: Ի՞նչն է պատճառը, որ ան այդքան կը կապուի իր արուեստի գործին՝ եթէ ոչ այն սէրը, շունչն ու հոգին, զորս իբրեւ ապրում ունեցած էր այդ արուեստի գործը ստեղծագործած պահուն: Ինչպէ՞ս կրնայ բաժնուիլ անկէ այլեւս, երբ իր հոգիէն մասնիկ մը կ՛ապրի անոր մէջ… Ուրեմն, այս պարագային, կը շրջուի մեր ընտրած վերնագիրը եւ հետեւեալ ձեւով կը գրուի՝ «Նախ ինծի՛, յետոյ՝ քեզի»: Ասիկա պէտք չէ ընդունիլ իբրեւ սովորական իր վատ իմաստով ըմբռնուած անձնասիրութիւն, այլ՝ սեփական արուեստի նկատմամբ բացառիկ սէր, որուն հանդէպ յարգանք պէտք է ցուցաբերեն անոնք, որոնք արուեստները բարձր կը գնահատեն:
«Նախ քեզի՛, յետոյ ինծի»ին աստուածաբանական հոմանիշը կարելի է ամփոփել մէկ բառի մէջ՝ մարդասիրութիւն: Աստուծոյ սէրը մարդուն հանդէպ այս մէկ բառով կարելի է արտայայտել, որ Միածինին մարդեղութեամբ իր լրումին՝ գագաթնակէտին հասաւ:
Աստուած մարդասէր է: Այդ մարդասիրութեան արդիւնք է մեր ապրած կեանքը իր բոլոր բարիքներով: Իր ստեղծած արարածներուն մասին հոգալը, Աստուծոյ կատարեալ հայրութեան բնական հետեւանքն է: Այս հոգածութիւնը նոյնիսկ կը տարբերի մարդոց իրենց զաւակներուն նկատմամբ ցուցաբերած խնամքէն, որ կրնայ բազմաթիւ թերութիւններով իրագործուիլ մարդկային կեանքին ընթացքին: Չկա՞ն ծնողական սէրէ ու գուրգուրանքէ զուրկ զաւակներ, որոնք պայմաններու բերումով հեռու մնացած են, կամ՝ դիտումնաւոր հեռացուած՝ իրենց ծնողներէն:
Կամ՝ չկա՞ն այնպիսի ծնողներ, որոնք մինչեւ վստահ չըլլան, թէ իրենց զաւակը պիտի խնամէ զիրենք կամ՝ ոչ, ժառանգութիւն չեն կտակեր անոր… Մինչդեռ Աստուծոյ հայրական հոգածութեան մէջ անձնական շահ չկա՛յ: Այսինքն՝ Աստուած «նախ ինծի՛, յետոյ՝ քեզի» անձնասիրական մօտեցումէն տարբեր մօտեցում կը ցուցաբերէ իր արարածներուն նկատմամբ: Աստուծոյ հայրութիւնը անթերի ու անշահախնդիր հայրութիւն է, համայն մարդկութեան վրայ սփռուած սիրոյ վերարկու մը, աշխարհի ցուրտէն ու քամիէն պաշտպանելու համար մեզ:
All the contents on this site are copyrighted ©. |