2017-02-01 09:36:00

Արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ բախումներու պատճառով կ՛արձանագրուին բազմաթիւ զոհեր ու վիրաւորներ


Ուքրանիոյ արեւելքը գտնուող Տոնպասի մէջ ուքրանական բանակին եւ Ժողովրդային պաշտպանութեան ուժերուն միջեւ բախումներու վերսկսումին պատճառով արձանագրուեցան բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ:

Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթր Փորոշենքօ ընդհատեց Գերմանիա իր այցելութիւնը եւ վերադարձաւ իր երկիրը: Պիելոռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին Ուքրանիոյ հարցի լուծման Մինսքի խմբակի աշխատանքային խմբակները այսօր հրաւիրեց անմիջական ժողովի:

«ՌԻԱ Նովոսթի», վկայակոչելով Տոնեցքի ժողովրդային հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը, հաղորդեց, որ վերջին երկու օրերուն ընթացքին Տոնեցքի մէջ բախումներուն պատճառով ուքրանացի 80 զինուորներ զոհուած են եւ 70 ուրիշներ վիրաւորուած:

Ռուսական «Աստղ» պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին վկայակոչելով Քրեմլինը հաղորդեց, որ ժողովրդային պաշտպանութեան ուժերը «վերատիրացած են Տոնեցքի մէջ Աւտէյեւքա քաղաքին» եւ Մարիոփոլի մօտ ետ մղած ուքրանական բանակի յարձակումը:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Տոնպասի դէմ յարձակումը «Մինսքի համաձայնութիւնը գործադրելու Քիեւի չկամութիւնը ցոյց կու տայ»:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.