2017-01-31 09:12:00

Քեպեքի մէջ մզկիթի մը դէմ զինեալ յարձակում


Քանատական ոստիկանութիւնը հաղորդեց, որ Քեպեք քաղաքին մէջ 6 անձեր սպաննուած են եւ 8 ուրիշներ վիրաւորուած, երբ մզկիթի մը դէմ տեղի ունեցած է զինեալ յարձակում մը:

Քեպեքի Իսլամական մշակութային կեդրոնին դէմ յարձակումը գործուած է, երբ աւելի քան 50 անձեր այդտեղ հաւաքուած էին գիշերուան նամազին համար:

Կասկածելի մը ձերբակալուած է դէպքին վայրը, իսկ ուրիշ մը` մօտակայ վայրի մը մէջ: Քանատական իշխանութիւնները դէպքը կը նկատեն ահաբեկչական յարձակում մը:

Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօ յայտարարեց. «Կը դատապարտենք իսլամներու դէմ պաշտամունքի եւ ապաստանի կեդրոնի մը մէջ կատարուած ահաբեկչական յարձակումը: Իսլամ քանատացիները մեր ազգային հիւսուածքին մէկ կարեւոր մասն են, եւ այս անմիտ արարքները տեղ չունին մեր համայնքներուն, քաղաքներուն եւ երկրին մէջ»:

Քեպեքի վարչապետ Ֆիլիփ Քույար իր կարգին հրացանաձգութիւնը նկատեց ահաբեկչական յարձակում մը:








All the contents on this site are copyrighted ©.