2017-01-31 09:47:00

Թրամփ կը պաշտպանէ իր որոշումը


Միացեալ Նահանգներու շարք մը քաղաքներու մէջ տեղի կ՛ունենան նախագահ Տանըլտ Թրամփի` ներգաղթի վերաբերող քաղաքականութեան գծով ստորագրած հրամանագիրին դէմ բողոքի ցոյցեր:

«Տը Նիւ Եորք Թայմզ» կը գրէ, որ բազմահազարանոց ցոյցեր տեղի ունեցած են Պոսթընի եւ Մայամիի օդակայաններուն դիմաց ու հրապարակներուն վրայ, ինչպէս նաեւ` Նիւ Եորքի, Հիուսթընի, Ֆիլատելֆիոյ, Տիթրոյիթի, Լոս Անճելըսի եւ Աթլանթայի մէջ:

Ցուցարարները Միացեալ Նահանգներու նախագահը կը մեղադրեն այլատեացութեան եւ իսլամոֆոպիայի, ինչպէս նաեւ ամերիկեան արժէքները խախտելու ամբաստանութեամբ:

Թրամփ շաբաթ օր ստորագրած էր «Երկիրը օտարերկրեայ ահաբեկիչներու մուտքէն պաշտպանելու մասին» հրամանագիրը, որ 90 օրով կ՛արգիլէ 7 երկիրներու` Իրանի, Իրաքի, Եմէնի, Լիպիոյ, Սուրիոյ, Սոմալի եւ Սուտանի բոլոր քաղաքացիներուն մուտքը Միացեալ Նահանգներ, ինչպէս նաեւ 120 օրով կը դադրեցնէ որեւէ տեղահանուածի ընդունումը եւ անորոշ ժամանակով կ՛արգիլէ սուրիացի տեղահանուածներու ընդունումը:

Սակայն Թրամփ յայտարարած է, որ լրատուամիջոցները սխալ մեկնաբանած են ներգաղթին վերաբերող իր քաղաքականութիւնը` զայն ներկայացնելով իբրեւ արգելք` ուղղուած իսլամներուն դէմ:

«Կ՛ուզեմ յստակ ըսել, որ ասիկա արգելք չէ իսլամներուն դէմ, ինչպէս որ աղաւաղուած հաղորդեցին զանգուածային լրատուամիջոցները: Ասիկա կրօնի հարց չէ, այլ` ահաբեկչութեան եւ մեր երկրի անվտանգութեան», նշուած է Թրամփի հրապարակած յայտարարութեան մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.