2017-01-31 10:46:00

Թուրքիոյ հայ համայնքը հոգեւորականներու պակաս ունի. «Ակօս»-ի անդրադարձը


Թուրքիոյ հայ համայնքը հոգեւորականներու պակաս ունի, խնդիրը վերջին տարիներուն օրակարգի վրայ է ու մտահոգիչ, այս մասին կը գրէ Պոլսոյ «Ակօս» պարբերականը:

Պարբերականը կը յիշեցնէ, որ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը Թուրքիոյ տարածքին չունի առանձին հոգեւոր դպրոց, ուր կարնար կրթել երիտասարդ հոգեւորականներ` եկեղեցիին եւ համայնքին ծառայելու համար:

Հոգեւորական դառնալու պատրաստակամութիւն յայտնած երիտասարդները հոգեւոր խորհուրդի համաձայնութիւնը ստանալէ ետք կը մեկնին Էջմիածին, Պէյրութ կամ Երուսաղէմ, ուր այնտեղի ճեմարաններուն մէջ կը ստանան համապատասխան կրթութիւն:

«Սեփական հոգեւոր դպրոց չունենալը մեծ բացթողումներ եւ խնդիրներ կ՛առաջացնէ: Ճեմարանականներուն արտասահման ուղարկելն ալ համապատասխան խնդիրներու առաջ կը դնէ համայնքը: Ընկերներէն, ընտանիքէն, շրջապատէն տարիներով կտրուիլը դիւրին չէ, եւ ամէն մէկը այդ քայլին չ՛երթար: Ի հարկէ, հարցին նիւթական կողմն ալ կայ: Այդ իսկ պատճառով հոգեւորական դառնալու պատրաստակամութիւն յայտնողներուն թիւը բաւարար չէ»,- «Թերթ․ամ»-ի հաղորդմամբ՝ «Ակօս»-ին յայտնած է վանահայր Զաքէոս Օհանեանը:








All the contents on this site are copyrighted ©.