2017-01-31 11:21:00

40 այլ Սուրիացի գաղթականներ հասած են Հռոմ մայրաքաղաք


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրիացի այլ 40 գաղթականներ, որոնց միջեւ կան մանուկներ եւ կիներ, երեքշաբթի, 30 յունուար 2017-ին, հասան Հռոմի Միջազգային ֆիումիչինօ օդակայան շնորհիւ՝ Սան Էճիտիոյ հասարակութեան, եւ Իտալիոյ Աւետարանական եկեղեցիներուն դաշնութեան մարդասիրական օգնութիւններուն։

Յիշեալ մարդասիրական ծրագիրը սկիզբ առած է 15 դեկտեմբեր 2015-ին, որուն շնորհիւ մինչեւ այսօր՝ ապահով եւ օրինաւոր կերպով  Եւրոպա  կրցած են հասնիլ աւելի քան 500 անհատներ ։ 2017 տարւոյն,  սոյն ծրագրին շնորհիւ  այլ 1000 գաղթականներ, օրինաւոր կերպով պիտի կարենան  մուտք գործել  Եւրոպա։

Այս առնչութեամբ, Սան էճիտիոյի հասարակութեան գաղթականներուն բաժանմունքի պատասխանատու,  Վատիկանի Ռատիօ կայանի  հետ ունեցած զրոյցին մը ընթացքին, յայտնած է , թէ ՝ հռոմ հասած 40 սուրիացի գաղթականները,  կազմուած են ընտանիքներէ, որոնց մէջ կան նաեւ տարեցներ եւ  մանուկներ։  Գաղթականներու մեծամասնութիւնը գաղթած են Սուրիոյ՝  Հալէպ  եւ Համաս քաղաքներէն։Անոնք պիտի  հիւրընկալուին Իտալիոյ զանազան նահանգներու իտալացի ընտանիքներու եւ ժողովրդապետութիւններուն մէջ  ։








All the contents on this site are copyrighted ©.