2017-01-30 12:35:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. ''Եկեղեցի մը առանց մարտիրոսներու, եկեղեցի մըն է՝ առանց Յիսուսի''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Պօղոս Առաքեալ, Եբրայեցիներու ուղղած նամակին մէջ, կը յորդորէ յիշել Աստուծոյ ժողովուրդին պատմութիւնը (Եբր ԺԱ. 32-40)''։ Մեկնելով այս յորդորէն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ, երկուշաբթի 30 Յունուարին մատուցած առաւօտեան պատարագի քարոզին մէջ, կոչ ուղղեց, որ քրիստոնեաներ, կատարեն յիշատակը այն անհատներուն, որոնք հլու կերպով կատարեցին Աստուծոյ կամքը։ Եբրայեցիներուն ուղղուած նամակին ընթերցուածը կը յիշեցնէ “Գեդէովն, Բարակ, Սամսոն, Յեփթայ, Դաւիթ, Սամուէլ եւ միւս մարգարէները”։ Ասոնք բոլորը, սկսեալ Աբրահամէն, կատարեցին Աստուծոյ կամքը։ Աբրահամ, հաւատալով Աստուծոյ եւ վստահելով Անոր խոստումին, լքեց իր հայրենիքը, առանց գիտնալու թէ ու´ր կ’երթայ։ Աստուած, այս մարդկանց միջոցաւ մեծ բաներ կատարեց իր ժողովուրդի պատմութեան մէջ։

Սրբազան Պապը յորդորեց, որ պէտք է կատարենք մարտիրոսներու յիշատակը։ Անոնք տանջանքներէ անցան եւ իրենց կեանքը տուին՝ նման Յիսուսի, որոնք, ինչպէս Պօղոս Առաքեալի խօսքերուն մէջ կը կարդանք “Ծաղրուեցան ու գանահարուեցան, շղթայի զարնուեցան ու բանտարկուեցան։ Քարկոծուեցան, սղոցուեցան, սուրով խողխողուեցան” (Եբր ԺԱ. 36-37)։ Եկեղեցին Աստուծոյ ժողովուրդն է, ըսաւ Սրբազան Հայրը, “մեղաւոր՝ սակայն հլու” ժողովուրդ մը, որ մեծ բաներ կը կատարէ եւ կը վկայէ Յիսուս Քրիստոսը՝ մինչեւ իսկ մարտիրոսութեամբ”։

“Մարտիրոսները անոնք են, որոնք յառաջ կը տանին եկեղեցին. անոնք են, որոնք կանգուն պահեցին եւ կը պահեն եկեղեցին։ Իսկ այսօր, մարտիրոսներու թիւը աւելի է քան առաջին դարերուն։ Մամուլը ասոր մասին տեղեկութիւն չի տար, որովհետեւ առինքնող լուր չէ։ Սակայն այսօր, աշխարհի շուրջ, բազմաթիւ քրիստոնեաներ երանելի են, որովհետեւ հալածուած են, ծաղրուած եւ բանտարկուած։ Շատեր բանտերու մէջ են, պարզապէս որովհետեւ իրենց վիզին խաչ կը կրեն՝ խոստովանելու համար Յիսուս Քրիստոս։ Այս Եկեղեցւոյ փառքն է, մեր նեցուկը, սակայն նաեւ մեր խոնարհեցումը։ Մենք, որ ամէն ինչ ունինք, եւ ամէն ինչ մեզի դիւրին կը թուի, կ’ողբանք, երբ բան մը պակսի։ Սակայն մտածենք այն եղբայրներուն եւ քոյրերուն մասին, որոնք կը նահատակուին՝ շատ աւելի մեծ թիւով քան առաջին դարերու մարտիրոսները։”

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց, իր Ալպանիա կատարած այցելութեան առիթով, Թիրանայի մայր տաճարին մէջ, այն քահանային եւ մայրապետին տուած վկայութիւններ, որոնք կրած էին տարիներու բանտարկութիւն, պարտադրուած աշխատանք եւ խոնարհեցում։ “Անոնց համար գոյութիւն չունէին մարդկային իրաւունքներ” ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։

Նկատի առնելով ծանօթ եւ անծանօթ մարտիրոսութիւնները, Սրբազան Պապը նկատեց, թէ այսօր, Եկեղեցւոյ ամենէն մեծ ուժը, հալածանքի ենթարկուած՝ տեղական փոքր Եկեղեցիներու մէջ է։

“Մենք, ըսաւ Սրբազան Հայրը, երբ կը տեսնենք Եկեղեցւոյ մէկ մեծ արարքը, որ մեծ յաջողութիւն ունեցած է, իրաւացիօրէն եւ արդարացի կերպով կ’ուրախանանք։ Սակայն աւելի մեծ ուժը եւ փառքը փոքր Եկեղեցիներու մէջ է. այն Եկեղեցիներուն մէջ, որոնք քիչ ժողովուրդ ունին, հալածուած են եւ բանտարկուած են իրենց եպիսկոպոսներուն հետ միասին։”

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց առաջին դարերու քրիստոնեայ հեղինակի մը խօսքը, որ կը գրէր՝ “Մարտիրոսներու արիւնը՝ քրիստոնեաներու սերմն է։” “Եկեղեցի մը առանց մարտիրոսներու, եկեղեցի մըն է՝ առանց Յիսուսի, ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով՝ պէտք է աղօթենք այն մարտիրոսներուն համար, որոնք կը տառապին. այն եկեղեցիներուն համար, որոնք ազատ չեն արտայայտուելու։ Անոնք մեր յոյսն են։ Անոնք, իրենց մարտիրոսութեամբ եւ վկայութեամբ, իրենց տառապանքով եւ կեանքը զոհելով, կը սերմանեն քրիստոնեաներ՝ ապագայի համար։”

Սրբազան Պապը աւարտեց իր քարոզը, ըսելով՝ “Այս Պատարագը մատուցանենք անոնց դիտաւորութեան, որոնք ներկայիս կը տառապին. այն Եկեղեցիներու դիտաւորութեան, որոնք կը տառապին եւ ազատ չեն։ Եւ շնորհակալ ըլլանք մեր Տիրոջ, որ այդ եղբայրներու եւ քոյրերու միջոցաւ՝ ներկայ է Իր Սուրբ Հոգիով։”








All the contents on this site are copyrighted ©.