2017-01-30 11:27:00

Կարդինալ Փարոլինի այցը Մատակասքար եւ Քոնկոյի հանրապետութեան


(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանի Պետական Քարտուղար կարդինալ Փարոլին ժամանած է Ափրիկէ, ուր Սուրբ Աթոռի եւ Մատակասքարի  միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 50 ամեակի առիթով կ՝այցելէ Մատակասքար,  ապա Քոնկոյի հանրապետութիւն՝  ստորագրելու համար Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Պետութեան միջեւ համաձայնութեան պայմանագիրը։

Մատակասքար այցելութեան ծիրէն ներս, կարդինալ Փարոլին, 27 յունուարին, հանդիպում ունեցած  է Մատակասքարի հանրապետութեան նախագահ՝ Տիար Հերի Մարթիալ Ռաժաուարիմանամփի հետ։

Հանդիպումի ընթացքին նախագահը իր երախտագիտութիւնը յայտնած է սոյն այցելութեան համար, յիշելով Սուրբ Աթոռի եւ Մատակասքարի միջեւ գոյացած բարի յարաբերութիւնները,  որ  այս վերջին յիսուն տարիներուն առ աւելիով ամրապնդուած  են։

Նախագահը յիշած է Ֆրանչիսկոս Պապի, 2014ի յունիս ամսոյն, երկրին տուած այցելութիւնը, յայտնած է իր երախտագիտութիւնը Կաթողիկէ եկեղեցւոյ այն բոլոր ծառայութիւններուն համար, ի մասնաւորի՝ դաստիարակչական, առողջապահական եւ եղբայրսիրական բնագաւառներէն ներս։

Կարդինալ Փիեթռօ Փարոլին իր կարգին, նախագահին փոխանցած է Ֆրանչիսկոս Պապի ողջոյնները, յայտնած է իր ուրախութիւնը՝ սիրալիր ընդունելութեան համար։

Ծիրանաւորը ապա՝ Սուրբ Աթոռի պատրաստակամութիւնը յայտնած է՝ շարունակելու Եկեղեցւոյ արդիւնաւոր համագործակցութիւնը աւելի տկարներուն իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր՝ մասնաւորաբար աղքատներուն եւ գաղթականներուն նկատմամբ։

Ան մաղթանք յայտնած է, որ Մատակասքարի տեղական եկեղեցւոյ միջոցաւ, կաթողիկէ եկեղեցին կարենայ իր նպաստը բերել քաղաքացիներու հոգեւոր­-ընկերային բարօրութեան ի շահ։

Մատակասքար այցելութեան առաջին օրուան աւարտին, ներքին գործոց նախարարութեան մէջ, Կարդինալ Փարոլին պարգեւատրուեցաւ Մատակասքար ազգային պատուոյ շքանշանով։








All the contents on this site are copyrighted ©.