2017-01-30 10:12:00

Թրամփ-Փութին առաջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն


Շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի առաջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը:

Սպիտակ տունը յայտնեց, որ անոնց զրոյցը դարձած է յարաբերութիւններու բարելաւման կարեւոր սկիզբ: «Յաջող զրոյցը դարձաւ կարեւոր սկզբնական քայլ` բարելաւելու համար Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւնները, որոնք անհրաժեշտ է շտկել», կը նշէ Սպիտակ տունը:

«Զրոյցը տեւած է շուրջ մէկ ժամ, ծաւալած է այնպիսի նիւթերու շուրջ, որոնք առնչուած են ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ գործակցութեան, ներառեալ Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հասնելու ջանքերուն», կ՛ըսուի Սպիտակ տան հաղորդագրութեան մէջ` աւելցնելով. «Նախագահ Թրամփ եւ նախագահ Փութին յոյսով են, որ այսօրուան հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք երկու կողմերը պիտի կարենան արագ անցնիլ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին եւ այլ կարեւոր հարցերու, որոնք փոխադարձ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն»:

Նախապէս Քրեմլին յայտնած էր, որ երկու նախագահները քննարկած են Սուրիոյ եւ Ուքրանիոյ մէջ տիրող կացութիւնը, ինչպէս նաեւ Իրանի հետ գոյացած` հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութիւնը: Հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու վերականգնման ու ամրապնդման փափաքը ցոյց տուած է:

Քրեմլին նշեց, որ Փութին եւ Թրամփ ընդգծած են ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ ջանքերը միաւորելու առաջնահերթութիւնը, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական ու տնտեսական յարաբերութիւնները վերականգնելու կարեւորութիւնը: Երկու նախագահները քննարկած են Միջին Արեւելքի կացութիւնը եւ արաբեւիսրայէլեան տագնապի հարցը:

Քրեմլին շեշտեց, որ երկու երկիրներու նախագահներուն միջեւ կատարուած զրոյցը ընթացած է դրական եւ գործնական մթնոլորտի մէջ, իսկ անոր տեւողութիւնը եղած է 45 վայրկեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.