2017-01-30 10:16:00

Զինուած ուժերու կազմաւորման 25-ամեակին առիթով. Սերժ Սարգսեան այցելած Է «Եռաբլուր»


Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու կազմաւորման 25-րդ տարեդարձին առիթով նախագահ Սերժ Սարգսեան` Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան  նախագահ Բակօ Սահակեանին հետ ու Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան ուղեկցութեամբ 28 յունուար 2017-ին այցելած են «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն` յարգանքի տուրք մատուցելու իրենց կեանքը հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած հայորդիներու  յիշատակին:

Նոյն առիթով նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ պարգեւատրման արարողութիւն, որուն ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեան հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու համար ցուցաբերած խիզախութեան, անձնուրաց քաջութեան, անմնացորդ նուիրումի, ինչպէս նաեւ բանակաշինութեան եւ զօրքերու մարտական պատրաստուածութեան գործին մէջ ունեցած աւանդին համար շուրջ 200 զինուորներ եւ ազատամարտիկներ պարգեւատրած է Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն պարգեւներով, շքանշաններով ու մետալներով, շնորհած է նաեւ բարձրագոյն զինուորական կոչումներ:

Օրուան առիթով շնորհաւորելէ ետք ներկաները` նախագահ Սարգսեան փոխանցած է իր պատգամը, որուն մէջ ըսած է. «Հայկական բանակը ստեղծուեցաւ մեր պետականութեան վերականգնման զուգընթաց: Սակայն բանակի կազմաւորումը սկսած էր աւելի կանուխ: Մենք իբրեւ ազգ համախմբուեցանք այնպէս, ինչպէս վերջին անգամ համախմբուած էինք Սարդարապատի մէջ: Մեր բանակը ձեւաւորուեցաւ կռուի դաշտին մէջ: Իսկ թշնամիին դէմ պատերազմը կը վարէինք բառին բուն իմաստով մեր տան մէջ:

«Մեզի պարտադրուած պատերազմը մեր ամբողջ ժողովուրդը  դարձուց բանակ: Այս է իրականութիւնը:

«Բազմիցս շեշտած եմ, որ զինուորական որեւէ գործողութիւն, նոր պատերազմ Արցախի տագնապին լուծում չի կրնար բերել: Աւելի՛ն, նոր պատերազմը կրնայ դառնալ առանց անոր ալ  բարդ խնդիրի նոր, ծանր բաղկացուցիչ եւ ո՛չ տագնապի լուծում:

«Նախորդ տարուան ապրիլեան իրադարձութիւնները եկան ապացուցելու մեր հակառակորդներուն, որ ուժի կիրարկման կամ անոր սպառնալիքի ճամբան ողբերգական է եւ  փակուղային: Այսինքն` ատիկա ճամբայ չէ»:

Աւելի ուշ, նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ տիկին Ռիթա Սարգսեան Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ ներկայ գտնուած են Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու կազմաւորման 25-ամեակին նուիրուած տօնական հանդիսութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.