Ուաշինկթընի եւ Նիւ Եորքի հայերը Պելառուսիոյ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն առջեւ ցոյցեր ըրած են` Իսրայէլի քաղաքացի, պլոկըր Ալեքսանդր Լափշինին անյապաղ եւ անվերապահօրէն ազատելու պահանջով:
Բողոքի ցոյցերը Յունուար 29-ին կազմակերպած են Ուաշինկթընի եւ Նիւ Եորքի մէջ ANCA-ի գրասենեակները: Պելառուսիոյ դեսպանատներուն մօտ համանման ցոյցեր տեղի ունեցած են տարբեր երկիրներու մէջ:
Ներկայիս Լափշինը Ատրպէյճանին արտայանձնելուն պատճառը այն է, որ ան չճանչցուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն այցելած է` առանց Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն համաձայնութեան եւ քննադատած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի բռնապետական վարչակարգը։
«Մենք վճռականօրէն կը դատապարտենք ազատ եւ անկախ Լեռնային Ղարաբաղ այցելող լրագրողներուն եւ մարդոց լռելու ստիպելու որեւէ փորձ»,- ըսած է ANCA-ի արեւելեան գրասենեակի նախագահ Սթիւ Մեսրոպեան:
«Ատրպէյճանն ու Պելառուսիան Եւրոպայի վերջին բռնապետութիւններէն երկուքն են, մեզի համար բացարձակապէս անընդունելի է մարդու իրաւունքներու խախտումներուն եւ Արցախի ժողովրդավարական հանրապետութեան աջակցութիւն յայտնելու մասին լրագրողներուն լռելու ստիպելը: ԱՄՆ իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք այս հարցով ուժեղ դիրք գրաւելու` ի նշան Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի հետ համերաշխութեան»,-ըսած է ան:
«Մենք այսօր այստեղ հաւաքուած ենք ի նշան պարոն Լափշինի եւ հարիւրաւոր այլ լրագրողներու հետ համերաշխութեան, որոնց նախագահ Ալիեւի բռնապետական վարչակարգը կը հարկադրէ լռել: Լրատուամիջոցներու ազատութիւնը ժողովրդավարութեան անկիւնաքարերէն մէկն է: Ատրպէյճանի կառավարութիւնը յոյս ունի Լափշինի արտայանձնմամբ վերջ տալու Արցախի մէջ իրադարձութիւններու ապագայ ազատ եւ անխոչընդոտ լուսաբանմանը, որ վտանգաւոր նախադէպ է, եւ մենք ատիկա ուղղակի անընդունելի կը համարենք»,- յայտարարած է Հայկական երիտասարդական միութեան նախագահ Արամ Թրամբլեան:
All the contents on this site are copyrighted ©. |