2017-01-29 12:20:00

Երանի Հոգիով աղքատներուն. Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր բարի լոյս, այս կիրակի օրուայ ծիսակատարութիւնը մեզ խորհրդածել կու տայ երանութիւններու մասին (Մատթ 5, 1-12) որոնք ''Լեռան Քարոզին'' նախաբանն են, Նոր կտակարանի “magna charta”ն։ Տէրը կը յայտնէ Աստուծոյ կամքը` մարդիկը առաջնորդելու երջանկութեան''։ Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ կիրակի 23 Յունուարի կէսօրին Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան հաստատելով թէ Աստուած միշտ մօտիկ է աղքատներուն, վշտահարներուն ու հարստահարուածներուն։ Յիսուս երանութիւնները կը սկսի ''երանի'' բարով այսինքն ''ուրախ'' ապա կը յայտնէ պայմանները այդ երանութիւնը ընդունելու, հուսկ խօսքը կ՛եզրափակէ խոստումով մը` զոր հարկաւոր է հաւատքով ընկալել որպէս Աստուծոյ պարգեւ։

''Երանի չենք կարող ըլլալ եթէ չ՛ապաշխարենք եւ կարող չ՛ըլլանք գնահատել ու ապրիլ Աստուծոյ պարգեւները'', ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը ու մեկնաբանեց առաջին երանութիւնը. ''Երանի Հոգիով աղքատներուն, որովհետեւ անոնցն է երկնքի արքայութիւնը''։

''Հոգւով աղքատը այն անձն է որ հակառակ իրեն ապրած թշուառ կացութեան չ՛ընդվզիր, այլ գիտէ ըլլալ հեզ ու բարի եւ տրամադիր Աստուծոյ շնորհքին''։

Հոգիով աղքատներուն երջանկութիւնը ունի երկու ծաւալ` մին ինչքերու նկատմամբ միւսը Աստուծոյ։ Նիւթական իրերու նկատմամբ այդ կը յայտնուի զգաստութեան մէջ իսկ Աստուծոյ նկատմամբ փառաբանութեան մէջ։

Հոգւով աղքատը այն քրիստոնեան է որ ինքնիր վրայ ու հարստութիւններու վրայ  չի վստահիր, եւ չի ջանար իր գաղափարները բանեցնել, այլ յարգանքով մտիկ կ՛ընէ ու յաճախ կ՛ընդունի ուրիշին որոշումները։

Եթէ մեր հասարակութիւններուն մէջ աւելիով հոգիով աղքատ անձեր ըլլային, շատ աւելի նուազ բաժանումներ, անհասկացողութիւններ ու վէճեր կ՛ունենայինք, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ հեզութիւնը, սիրոյ նման, հիմնական առաքինութիւն է քրիստոնեայ հասարակութիւններու մէջ համակեցութեան համար։ 

''Աղքատները անոնք են որոնք կը ձգտին Երկնքի Արքայութեան ցոյց տալով թէ այդ արքայութիւնը արդեն կանխուած է եղբայրական հասարակութեան մէջ, որ բաժնեկցութիւնը կը նախընտրէ սեփականութեան''։

''Թող որ Սուրբ Կոյսը մեզ օգնէ ամբողջութեամբ նուիրուելու Աստուծոյ` որ ողորմութեամբ հարուստ է, որպէսզի մեր վրայ զեղէ իր պարգեւները ու յատկապէս ներումը'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով խորհրդածութիւնը ապա արտասանեց Մարեմեան աղօթքը որմէ ետք ողջոյնի խօսք ուղղեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն, յատուկէն ընդգծելով թէ այսօր կը յիշատակուի բորոտութեան միջազգային օրը եւ հրաւիրելով պայքարիլ այս հիւանդութեան դէմ ու այդ հիւանդութենէն յառաջացուած խտրականութեան դէմ։ Նորին  Սրբութիւնը  քաջալերեց բոլոր անոնք որոնք յանձնառու են բորոտութենէ վարակուած անձերու նկատմամբ, անոնց ապահովեցնելով իր աղօթքները։ 

Սրբազան Քահանայապետը ապա ողջունեց Իտալիայէն ու աշխարհի այլ երկիրներէն Սուրբ Պետրոս ժամանած ուխտաւորները,  յատկապէս երկրաշարժի թիրախ դարձած կեդրոնական Իտալիայի հաւատացեալները`  անոնց վերահաստատելով իր մօտիկութիւնը  ու խրախուսելով իշխանութիւնները շարունակելու անոնց ի սպաս օգնութիւններու մատակարարումը եւ միասնական զօրակցութիւնը։  

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ յատուկ խօսք ուղղեց ''Ացիոնէ Քաթթոլիքա'' Իտալական բանուորական շարժումի երիտասարդներուն որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին ''խաղաղութեան կարաւան'' ձեռնարկին որուն այս տարուայ բնաբանն է ''Խաղաղութեամբ շրջապատուած''։

''Շնորհակալեմ ձեր ներկայութեան համար ու ձեր նուիրական յանձնառումին` կառուցելու խաղաղ ընկերութիւն մը'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա հրաւիրեց իր մօտ կանգնող երիտասրադը  կարդալու խաղաղութեան պատգամը, որուն աւարտին  ազատ արձակուեցան խաղաղութիւնը յատկանշող գունաւոր թռուցիկներ։

Նորին Սրբութիւնը կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը եզրափակեց բոլոր ներկաներուն մաղթելով բարի կիրակի ու ինչպէս միշտ խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.