2017-01-28 12:26:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը անձինք նուիրեալներուն հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 28 յունուարին, Վատիկանի ՝՝Քլեմենթինա՝՝ դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ ընդունեց անձինք նուիրեալներու եւ առաքելական կեանքի ընկերութեան ժողովի, ՝՝հաւատարմութիւնը եւ կրօնաւորական կեանքէն հրաժարողներ՝՝ նիւթին շուրջ Հռոմի մէջ գումարած տարեկան ընդհանուր նիստի մասնակիցները ։

Այս առթիւ անոնց ուղղած խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը  անդրադառնալով ժողովի նիւթին՝ նշեց. թէ ՝՝ժամանակակից օրերու ընթացքին,  կը գտնուինք դժուարին կացութեան դիմաց,  որ կը տկարացնէ անձինք նուիրեալներու կենցաղը եւ նոյնինքն եկեղեցւոյ  կեանքը։ 

''Շիտակ է որ շատեր կրօնաւորական կեանքէն կը հրաժարին ՝ լուրջ զատորոշում կատարելէ ետք, անդրադառնալով որ երբեք կոչում չեն ունեցած։  Սակայն՝ կան  նաեւ կրօնաւորներ, որոնք  ժամանակի ընթացքին կը թերանան իրենց հաւատարմութեան մէջ, երբեմն նոյնիսկ մշտնջենական ուխտ կատարելէ՝ կարճ ժամանակէ ետք'',  ըսաւ Սրբազան Հայրը ու հարց տալով թէ ՝՝Ի՞նչ պատահեցաւ՝՝, թուեց անհաւատարմութեան կարգ մը պատճառները, որոնց շարքին, ներկայի  ընկերային եւ մշակութային միջավայրը եւ սպառողական կեանքի երեւոյթը։

Սրբազան Հայրը յայտնեց,  թէ ''անցողական կեանքի մշակոյթը'' կարող է մեզ մղել ապրելու օր ըստ օրին հետեւելով ՝՝նորութիւններուն''. Մշակոյթ մը որ կը մղէ յաճախ ''երկրորդական ելքեր'' փնտռելու ու կ՛երաշխաւորէ սպառողականութիւնը, մոռնալով պարզ կեանքի գեղեցկութիւնը։ Կ՝ապրինք այնպիսի ընկերութեան մը մէջ, ուր տնտեսական օրէնքները կը փոխարինեն բարոյական օրէնքները,  ուր՝  կը գերիշխէ  արծաթն ու  շահը, ըսաւ Քահանայապետը նկատել տալով նաեւ թէ՝ ասոր հանդերձ կան նաեւ  վեհանձն ու կրօնական եւ ընկերային կեանքէն ներս յանձնառու երիտասարդներ, որոնք կը փնտռեն հոգեւոր ճշմարիտ կեանք, որոնք ծարաւն  ունին աշխարհի ընծայած հրապոյրներէն անդին` տարբեր բաներու։ Սակայն՝ երիտասարդներու միջեւ եւս կան աշխարհիկութեան տրամաբանութեան զոհեր, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով թէ` անոնք կ՝ուզեն ամէն գինով յաջողութեան հասնիլ  եւ  կը փնտռեն դիւրին հաճոյքներ։  

Այս շրջագիծէն ներս հարկաւոր է յանձնառու եւ  մօտիկ գտնուիլ այդ երիտասարդներուն ու անոնց փոխանցել Աւետարանի ուրախութիւնը եւ Քրիստոսի պատկանելիութիւնը յարեց Սրբազան Պապը ու անդրադարձաւ կրօնաւորական կեանքի ներքին մէկ երեւոյթին այն է հակա-վկայութիւնը ու սխալ ''տիպարներու'' երեւոյթը, որ շատ անգամ դժուար կը դարձնէ հաւատարմութիւնը։  Միապաղաղութիւնը, յոգնութիւնը, ներքին բաժանումները, իշխանութեան  ձգտումը կառոյցներու աշխարհիկ ոգիով մատակարարումը…բոլորը բացասական երեւոյթներ, որոնք թերի կը դարձնեն նուիրական կեանքի ի նպաստ ՝՝հաւատարմութիւնը՝ ։

Ի տես այս իրականութեան եւ որպէսզի  կրօնաւորական կեանքը  կարենայ պահպանել իր մարգարէական առաքելութիւնն  ու հմայքը  Սրբազան Հայր հրամայական նկատեց անձինք նուիրեալներու կեանքէն ներս Յիսուսի կեդրոնականութիւնը, այնպէս ինչպէս շեշտեց հասարակութիւններու մէջ եղբայրական կեանքի կարեւորութիւնը` հասարակաց աղօթքը, Աւետարանի խօսքի ունկնդրութեամբ, Սուրբ Պատարագի եւ ապաշխարութեան խորհուրդի մասնակցութեամբ, ու եղբայրական երկխօսութեան զարգացումով։

Սրբազան Հայր յորդորեց  պահպանել կոչումն ու հաւատքը, որպէս գանձ, որպէսզի ոչ մէկը կարենայ զանոնք կողոպտել եւ ժամանակի ընթացքին չի կորսնցնէ իր  շքեղութիւնը։

Հաւատարմութեան եւ կրօնաւորական կեանքէն  չի հրաժարելու համար, Սրբազան Հայրը յոյժ կարեւոր նկատեց՝՝ առաջնորդողներու դերը՝, յորդորելով  անձինք նուրիրեալներուն միաբանութիւններուն պատրաստել որակաւոր առաջնորդներ որոնք գիտեն ընկերակցիլ դժուար կացութեան մէջ գտնուող հոգեւորականները ։

՝՝Դժուար է հաւատարիմ գտնուիլ միայնակ ընթանալով, կամ ալ դժուար է  քալել  եղբայրներու եւ քոյրերու առաջնորդութեամբ որոնք կարող չեն համբերութեամբ ունկնդրել , կամ ալ չ՝ունին համապատասխան փորձառութիւն ՝՝  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ  աւեցնելով թէ կարիքը  կայ եղբայրներու եւ քոյրերու,  որոնք փորձառու են Աստուծոյ ուղիներու մէջ,  կարենալ կատարելու այն ինչ որ Յիսոս ըրաւ Էմմաուսի առաքեալներու հետ, ըսաւ Սրբազան Հայրը անոնց ընկերանալ կեանքի ճանապարհորդութեան ընթացքին ու տարակոյսի ու շփոթութեան պարագային անոնց մէջ վերազարթնելով հաւատքն ու յոյսը Աստուծոյ Խօսքին ու Հաղորդութեան միջոցաւ։

Սրբազան Հայրը , խօսքը աւարտեց քաջալերելով ներկաները յարատեւելու իրենց աշխատանքին մէջ ու բոլորին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.