2017-01-28 13:03:00

Կարդինալ Թուրքսոնի պատգամը բորոտութեան 64րդ միջազգային օրուան առիթով։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի՝ Մարդկային Համապարփակ Զարգացումի ծառայութեան բաժանմունքի նախագահ, Կարդինալ Փիթըր Քոտվօ Ափփիահ Թուրքսոն պատգամ մը հրապարակած է բորոտութեան կամ ''հանսենեասի'' դէմ պայքարի 64րդ միջազգային օրուան առիթով, որ տեղի պիտի ունենայ կիրակի, տարւոյս յունուարի 29ին։

Վերջին տասնամեակներուն միջազգային մակարդակի վրայ մեծ պայքար մղուած է բոլորտութեան տարածումի դէմ եւ ի նպաստ հիւանդներու բուժումի եւ ապաքինումի։ Այս պայքարին մէջ Կաթողիկէ Եկեղեցին կը գրաւէ առաջնահերթ դիրք մը։

1985ին, աշխարհի շուրջ կը հաշուէին 5 միլիոն վարակուածներ, այսօր անոնց թիւը իջած է 200 հազարի։

Նախորդ տարուան յունիս ամսոյն Առողջապահութեան Գործիչներու Քահանայապետական Խորհուրդի կողմէ կազմակերպուած համագումարի մը ընթացքին քննարկուած էին յիշեալ հիւանդութեան եւ անոր բարձումին հայող խնդիրներ։ Յատուկ կերպով շեշտաւորուած էր հիւանդներու արժանավայել խնամքը եւ խտրականութեան որեւէ կերպի մերժումը։ Անհրաժեշտ նկատուած էր նաեւ, որ վարակեալներու բուժումի իբր մաս երաշխաւորուի անոնց հոգեբանական բուժումը եւ ապաքինումը։ Կարդինալ Թուրքսոն, կարեւոր կը նկատէ, որ յիշեալ պայքարը տարուի բոլոր երկիրներուն մէջ եւ բոլոր մակարդակներու վրայ՝ ըլլա՛ն անոնք քաղաքական, ընտանեկան, դպրոցական եւ կամ մարզական, արմատախիլ ընելով խտրականութեան անուղղակի կամ անմիջական երեւոյթներ։

Ըստ Ծիրանաւորին, հիմնական կէտ մըն է ուժեղանել գիտական հետազօտութիւնները՝ ձեռք բերելու համար նոր դեղորայք եւ բժշկական սարքաւորումներ։ Վարակեալներու ապաքինումէն ետք, պէտք է հոգ տարուի, որ անոնք կրկին իրենց պատշաճ եւ արժանավայել տեղը գտնեն ընտանիքի, հասարակութեան, դպրոցի եւ աշխատանքային մարզերէն ներս։

Յիշելով Մարկոս Աւետարանիչի պատմած դէպքը, ուր Յիսուս կը բուժէր բորոտ մը, Կարդինալ Թուրքսոն մէջբերեց Աւետարանի խօսքերը՝ «Յիսուս գթաց եւ ձեռքը երկարելով՝ դպաւ բորոտին եւ ըսաւ. Կʼուզեմ, մաքրուէ՛։ Հազիւ այս խօսքը ըսած էր՝ բորոտութիւնը իսկոյն հեռացաւ անկէ եւ ան մաքրուեցաւ։ Յիսուս զայն անմիջապէս դուրս հանեց եւ խստիւ պատուիրեց՝ ըսելով. նայէ որ ոչ ոքի բան ըսես, այլ գնա՛ եւ ինքզինքդ ցո՛յց տուր քահանային. ապա, որպէս վկայութիւն ժողովուրդին, մատուցանէ՛ քու զոհդ։» (Մրկ Ա. 40-45) Կարդինալը մեկնելով այս հատուածը ըսաւ. «Ահաւասիկ Յիսուս, ոչ միայն պարզապէս ամբողջութեամբ կը բուժէ այդ հիւանդը, ալ անոր կը պատուիրէ որ ներկայանայ անոր, որ զինք պիտի կարենար ամբողջութեամբ վերահաստատել ընկերութեան մէջ։» Կարդինալը նկատեց, թէ այսօր, յիշեալ հիւանդութեան բուժումի եւ ապաքինումի ընթացքին մէջ՝ անհատի վերընկալումը ընկերութեան մէջ կը հանդիսանայ գլխաւոր խնդիրներէն, որովհետեւ վարակումի վախը կը գերիշխէ տրամաբանութեան վրայ։

Շատ անգամ բորոտութեան հիւանդութենէ վարակուած անձեր, հասարակութեան մէջ շուտով կը կորսնցնեն իրենց արժանապատուութիւնը։ Ան կարեւոր նկատեց, որ հիւանդներուն պէտք է տրուի հարկաւոր ընկալումը, զօրակցութիւնը եւ արդարութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.