2017-01-28 10:31:00

Ժընեւի միջսուրիական բանակցութիւնները յետաձգուած են մինչեւ Փետրուարի վերջ։


Ժընեւի միջսուրիական բանակցութիւնները 8 փետրուարէն յետաձգուած են մինչեւ փետրուար ամսուան վերջ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն հետ երէկ Մոսկուայի մէջ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին:

«Վերստին այդ թուականը 8 փետրուարէն տեղափոխուած է ամսուան վերջը», ըսած է ան:

ՄԱԿ աւելի ուշ յայտարարեց, որ այդ հարցը տակաւին հաստատ չէ, եւ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան Տը Միսթուրա զայն քննարկելու համար յառաջիկայ շաբաթ պիտի այցելէ Նիւ Եորք:








All the contents on this site are copyrighted ©.