2017-01-28 10:26:00

Գաղթականներու ապաստան տուողները կը դատապարտեն Թրամփին քայլերը


ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Նիւ Եորք Թայմզ».- Լոս Անճելըսի, Նիւ Եորքի, Շիքակոյի եւ աւելի քան 40 ամերիկեան քաղաքներու եւ նահանգներու ղեկավարներ, Յունուար 26ին խստօէրն դատապարտեցին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի այն հրամանագիրը, որ դաշնակցային կառավարութեան կը յանձնարարէ կասեցնել գաղթականներու ապաստան տուող քաղաքներուն յատկացուող դաշնակցային գումարները։ Անոնք հակասահմանադրական որակեցին Թրամփի այս որոշումը՝ խոստանալով անոր դէմ կենալ իւրաքանչիւր քայլափոխի։

Թրամփի սոյն քայլը մաս կը կազմէ գաղթը կասեցնելու անոր ծրագիրին, որուն մէկ մասն է նաեւ Մեքսիքայի սահմանին վրայ կառուցուելիք պատը, որուն մօտաւորապէս 15 միլիառ տոլար ծախսը ամերիկացի քաղաքացիներուն կողմէ պիտի վճարուի, հակառակ Թրամփի այն պնդումներուն, թէ Մեքսիքա ձեւով մը պիտի փոխհատուցէ այդ գումարը։

Նշենք, որ Մեքսիքայի նախագահը յայտարարեց, թէ Թրամփի այս վիրաւորական յայտարարութիւններուն պատճառով, ան հաւանաբար ջնջէ յառաջիկայ շաբաթ նախատեսուած Ուաշինկթըն իր այցելութիւնը։

Յայտնենք, որ Յունուար 25ին, գաղթականներու դէմ Թրամփի սկսած արշաւին հակառակ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան Նիւ Եորքի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.