2017-01-27 14:18:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը Հրէական պատուիրակութեան մը հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 27 յունուարին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց European Jewish Congress ընկերակցութեան պատուիրակութիւնը մը, Հրէաներու ողջակիզումի յիշատակի  միջազգային օրուան առիթով։

Յիշեալ հանդիպումին ներկայ գտնուած է Հայր Նորպերթ ՀոՖման՝ Սուրբ Աթոռի յանձնախումբին Հրէաներու հետ կրօնական յարաբերութեանքարտուղարը։

Սրբազան Պապը կարեւոր նկատած է յիշատակումի այս օրը ոչ միայն հրեաներու համար,  յիշելով թէ իր ընտանիքը արդէն լաւ յարաբերութիւններ ունեցած է հրեաներու հետ եւ թէ ինք աճած է այդ բարենպաստ մթնոլորտին մէջ։

Իսկ Մոշէ Քանթոր, European Jewish Congressi նախագահը խօսելով քրիստոնեաներու եւ հրեաներու համար հասարակաց բարոյականի եւ արժէքներու անհրաժեշտութեան մասինշ կատել տուած է թէ աշխարհի մէջ հակառակ  յառաջդիմութեան, տակաւին վկայ ենք բարոյական արժէքներու անկումին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.